Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Խորհրդարանի  Նախագահին Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահին Ներկայացուցիչները

21 օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկու ներկայացուցիչները: Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Հիւրերը, նախ եւ առաջ, վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին խորհրդարանի նախագահին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, ապա յանձնեցին պաշտօնական հրաւէր մը` սէյիտ Մուսա Սատրիի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան: Հանդիպումը...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Հետեւողականութիւն  Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Գ. (Պոլսահայութեան Ընկալումը)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը Պոլսոյ պատրիարքութեան առնչութեամբ կը յայտնէ, որ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել  ընտրութիւններուն: Հաստատումը անշուշտ բացասական շեշտ ունի, հետեւաբար նաեւ քննադատական: Անգարայի իշխանութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ բողոքող պոլսահայ շրջանակները սակայն, անպայման դրական չեն ընկալած Ուաշինկթընի կատարած պաշտօնական այս յայտարարութիւնները: Պարզ ձեւով անոնց խօսափողներէն համարուող «Ակօս»-ի խմբագիրը, օրինակ, շատ սառն տրամաբանութեամբ առողջ մեկնաբանութիւն կատարած է յայտարարուածին մասին: Այսպէս....

Արծուիկ Մինասեան. «Պիտի Վերականգնենք  «Խոսրովի Անտառ»-ի Կենսաբազմազանութիւնը»

Արծուիկ Մինասեան. «Պիտի Վերականգնենք «Խոսրովի Անտառ»-ի Կենսաբազմազանութիւնը»

12 օգոստոսին «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի տարածքին մէջ  բռնկած հրդեհը 17 օգոստոսին մարած է: Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանը, լրագրողներուն ներկայացնելով հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ընթացքը, նշած է. «13 օգոստոսին պարզելով հրդեհի ծաւալները` Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին դիմելու անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ, որպէսզի անոնց որոշումով միջազգային օժանդակութիւն խնդրենք: Միջազգային օժանդակութեան առաջարկ եղաւ, որուն արձագանգեց Ռուսիան եւ համապատասխան օդանաւը հասաւ  Հայաստան: 16 օգոստոսի երեկոյեան հրդեհին...

Լիբանանեան Բանակը Սկսաւ  «Բարձունքներու  Արշալոյսը» Գործողութեան Եւ ՏԱՀԵՇ-էն  Ազատագրեց Ռաս Պաալպեքի  Եւ Քաայի Բարձունքներուն Երկու Երրորդը

Լիբանանեան Բանակը Սկսաւ «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութեան Եւ ՏԱՀԵՇ-էն Ազատագրեց Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Երկու Երրորդը

Լիբանանեան բանակին կողմէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները ազատագրելու երկար սպասուած ճակատամարտին ժամկէտը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ շաբաթ առաւօտեան ժամը 5:00-ին` բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ: Լիբանանի, առեւանգուած բանակայիններուն եւ բանակին նահատակներուն ու հերոսներուն անունով զօր. Աուն յայտարարեց «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը` Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու նպատակով: Ճակատամարտի սկիզբէն շուրջ ժամ մը ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ուղղուեցաւ...

Աքքարի Մէջ Ամմուայի  Փառատօնի Բացումին.  «Պատրաստ Եմ Ամմուան Զբօսաշրջային  Քարտէսին Վրայ Տեղադրելու»  Յայտարարեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

Աքքարի Մէջ Ամմուայի Փառատօնի Բացումին. «Պատրաստ Եմ Ամմուան Զբօսաշրջային Քարտէսին Վրայ Տեղադրելու» Յայտարարեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

«Պատրաստ եմ գործակցելու Աքքարի պատկան մարմիններուն հետ եւ Ամմուայի շրջանը տեղադրելու զբօսաշրջային քարտէսին վրայ», յայտարարեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան անցեալ ուրբաթ օր Ամմուայի մարմնակրթական-զբօսաշրջական փառատօնի սկիզբին առիթով: Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ իր ներկայութեան պատճառը նախարար Ֆնէյշն է եւ ինք եկած է ընդառաջելով շրջանի պատկան մարմիններու հրաւէրին: Փառատօնը, որուն ներկայ էին նաեւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, շրջանի երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, զանազան միութեանց...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Հետեւողականութիւն  Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Հետեւողականութիւն բառը այս պարագային հակաքաղաքագիտական կամ զուտ բարոյական առումով պէտք չէ ընկալել: Պարզ է, որ հետեւողականութիւնը քաղաքական գործընթացներու մէջ սկզբունք չէ եւ շատ արագ կրնայ շեղումներու ենթարկուիլ եւ հուն փոխել: Այստեղ խնդիրը առաւելաբար կը վերաբերի ամերիկեան վարքագիծի մը, որ սերտօրէն կապուած է անոր արտաքին քաղաքականութեան` Թուրքիոյ նկատմամբ արձանագրուող ուղղութեան հետ: Ինչպէս մարդկային իրաւունքները, այնպէս նաեւ կրօնական ազատութիւններու պահանջները ունին զուտ...

Նախագահը Յանձնարարած Է Նախապատրաստել  Համահայկական Խորհուրդի  Ա. Նիստի Օրակարգի Նախագիծերը

Նախագահը Յանձնարարած Է Նախապատրաստել Համահայկական Խորհուրդի Ա. Նիստի Օրակարգի Նախագիծերը

Նախագահականի մամլոյ գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի եւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նախապատրաստութեան աշխատանքներուն: Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման վերաբերեալ առկայ հիմնական մօտեցումներուն եւ այդ մարմինի կազմաւորման մեքանիզմներուն վերաբերեալ զեկուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ, կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներէն Գագիկ Յարութիւնեան: Նշեալ մօտեցումներն ու մեքանիզմները քննարկման առարկայ պիտի դառնան 18-էն 20 սեպտեմբերին...

Սուրէն Կարայեան Այցելած Է  «Մեղրի» Ազատ Տնտեսական Գօտի

Սուրէն Կարայեան Այցելած Է «Մեղրի» Ազատ Տնտեսական Գօտի

18 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեանի եւ Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Գագիկ Մարտիրոսեանի հետ այցելած է «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտի` ուսումնասիրելու եւ քննարկելու ազատ տնտեսական գօտիի զարգացման ուղիները: Նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ քննարկումներուն մասնակցած են նաեւ համայնքի ղեկավարը, շինարարական կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչներ, նախագծողներ եւ անհրաժեշտ ենթակառոյցներու տեղւոյն պատասխանատուները: Աշխատանքային խումբը ազատ տնտեսական...

Երեսփոխան Բագրատունի Դատապարտեց  Պարսելոնայի Ահաբեկչական Յարձակումը

Երեսփոխան Բագրատունի Դատապարտեց Պարսելոնայի Ահաբեկչական Յարձակումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով ցաւակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Միլակրոս Հեռնանտօ Էչեւարիային: Բագրատունի իր նամակին մէջ դատապարտեց Սպանիոյ Քաթալոնիա նահանգի Պարսելոնա քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Հետեւողականութիւն  Ա. (Հոլովոյթ)

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Ա. (Հոլովոյթ)

Ճիշդ 6 տարի առաջ, 2011-ին ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յուլիս 20-ին կ՛ընդունէր խիստ ձեւակերպումներ պարունակող որոշում մը` պահանջելով, որ Թուրքիան բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնէ անոնց «օրինական սեփականատէրերուն»: Քոնկրեսի  յանձնախումբը համապարփակ յաւելուած ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Օտարերկրեայ յարաբերութիւններու լիազօրման որոշումին մէջ` կոչ ուղղելով արտաքին գործոց նախարարին, որ` «Թուրքիոյ ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ այլ պաշտօնեաներու հետ պաշտօնական բոլոր հաղորդակցութիւններուն...

Հրանդ Մարգարեան. «Հայապահպանութիւնը  Թերի Է, Եթէ Չի Գործեր Ազգային-Քաղաքական  Կազմակերպուածութեամբ»

Հրանդ Մարգարեան. «Հայապահպանութիւնը Թերի Է, Եթէ Չի Գործեր Ազգային-Քաղաքական Կազմակերպուածութեամբ»

16 օգոստոսին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասրդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Ծաղկաձորի մէջ սկսած ՀՅԴ ԱՊՀ երկիրներու  ուսանողական բանակումին յաջորդ օրը` 17 օգոստոսին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան դասախօսութեամբ մը ներկայացուց «Կազմակերպուածութեան անհրաժեշտութիւնը եւ սփիւռքի կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը» նիւթը: «Սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի դուրսը հայը հայ մնայ, եւ աւելին` կարելիութիւն ունենայ հայ մնալու եւ օգնութեան միջոց դառնալու իր հայրենիքին համար: Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է,...

Ընթացք Առաւ ՀՅԴ ԱՊՀ Երկիրներու  Ուսանողական Բանակումը

Ընթացք Առաւ ՀՅԴ ԱՊՀ Երկիրներու Ուսանողական Բանակումը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ 16 օգոստոսի 2017-ին Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ ԱՊՀ երկիրներու ուսանողական բանակումը: Բանակումին կը մասնակցին աւելի քան 100 ուսանողներ: Մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք յղեցին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Խաչատուր Ստեփանեան: Սարգիս Մկրտչեան կարեւոր նկատելով նման ձեռնարկի մը իրականացումը, շեշտը դրաւ բանակումի...

Թիլըրսըն Կ՛անդրադառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկսութեան Յարուցած Դատին

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Օգոստոս 15ին ներկայացուցած է նախարարութեան տարեկան զեկոյցը՝ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերեալ։ Թիլըրսըն ըսած է, որ կրօնական ազատութեանց արտակարգ սահմանափակումներ կան յատկապէս «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, ուր եզիտիներն ու քրիստոնեաները, լաւագոյն պարագային՝ յատուկ հարկ կը վճարեն, սակայն յաճախ կը սպաննուին, կը բռնաբարուին, կամ կը վաճառուին...

Համահայկական Համագումարին Պիտի Քննարկուի  Համահայկական Խորհուրդ Հիմնելու Գաղափարը

Համահայկական Համագումարին Պիտի Քննարկուի Համահայկական Խորհուրդ Հիմնելու Գաղափարը

18-էն 20 սեպտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-սփիւռք հերթական 6-րդ համահայկական համաժողովը: Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան, զեկուցելով համագումարին մասին` «Թերթ»-ի թղթակիցին յայտնած է. «Մենք 8-9 տարիներու ընթացքին կատարած ենք հաշուառում սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ: Մենք գիտենք, թէ ուր որքան բժիշկ, իրաւաբան, պատմաբան եւ այլ մասնագիտութիւններու հայրենակիցներ ունինք: Մենք բոլոր այդ նշանաւոր...

Խոսրովի Արգելոցին Մէջ Բռնկած  Հրդեհի Հիմնական Օճախները Մարած Են

Խոսրովի Արգելոցին Մէջ Բռնկած Հրդեհի Հիմնական Օճախները Մարած Են

«Խոսրովի անտառ»-ի հրդեհաշիջման աշխատանքներուն հետեւող պետական կառոյցներուն տուեալներով, 16 օգոստոսի ժամը 17:30-ին անոնք յաջողած են մարել մնացած 2.5 քիլոմեթր պարագիծին մէջ շարունակուող հրդեհի հիմնական օճախները: Արգելոցին մէջ կը կատարուին յետմարման աշխատանքներ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան օգտագործած «ԻԼ-76» օդանաւը կը շարունակէ օդային հրդեհաշիջման աշխատանքները` ստեղծելով անվտանգութեան գօտիներ եւ խոնաւ միջավայր` օճախներու կրկնակի բռնկումը բացառելու նպատակով: Օդանաւի հետագայ թռիչքներուն եւ լայնածաւալ...

Մինասեան. «Խոսրովի Անտառի Հրդեհը  Կ՛ընդգրկէ Արգելոցի Էական Մասը Եւ Բնապահպանական  Առումով Կը Նկատուի Չափազանց Մեծ Վնաս»

Մինասեան. «Խոսրովի Անտառի Հրդեհը Կ՛ընդգրկէ Արգելոցի Էական Մասը Եւ Բնապահպանական Առումով Կը Նկատուի Չափազանց Մեծ Վնաս»

Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի գլխաւորութեամբ նախարարութեան ստորաբաժանումներու աշխատակիցները, հրդեհի վայրին մէջ  գիշերային գործողութենէ ետք 15 օգոստոսի լուսաբացէն վերսկսած են հրդեհաշիջման աշխատանքները: Հրդեհի դէմ պայքարին կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու  նախարարութեան փրկարարներ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Արարատի զօրամասի զինուորներ, Հայաստանի  կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան Արարատի մարզային վարչութեան աշխատակիցներ, կամաւոր դէպի վայր մեկնած բնապահպան քաղաքացիներ, Արարատի մարզի համայնքներու  բնակիչներ: 12 օգոստոսէն...

Արցախի Եւ Հայաստանի Վարչապետները  Մասնակցած Են Քարվաճառի Մէջ  Ջուրի Գործարանի Հիմնարկէքին

Արցախի Եւ Հայաստանի Վարչապետները Մասնակցած Են Քարվաճառի Մէջ Ջուրի Գործարանի Հիմնարկէքին

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 15 օգոստոսին Շահումեանի շրջանին մէջ դիմաւորած է ոչ պաշտօնական այցելութեամբ Արցախ հասած Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, այնուհետեւ անոնք միասնաբար ծանօթացած են շրջանին մէջ գործող տնտեսական շարք մը նախագիծերու: Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին հաղորդած տեղեկութիւններով` երկու հանրապետութիւններուն վարչապետները սկիզբը ծանօթացած են Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինարարական աշխատանքներուն` կարեւոր նկատելով այդ ճամբուն նշանակութիւնը`...

Ակնարկ.  Աշխարհակարգային Իրադրութիւններ.  Չինական Բեւեռի Կայացման Ընթացքը

Ակնարկ. Աշխարհակարգային Իրադրութիւններ. Չինական Բեւեռի Կայացման Ընթացքը

Միացեալ Նահանգներու նախագահին անկանխատեսելիութեան եւ անոր կապուած վտանգաւորութեան մասին հարուստ վերլուծական գրականութիւն կայ միջազգային կեդրոններու հրապարակումներուն եւ յատկապէս միջազգային մամուլին մէջ: Նախորդ վարչակարգին օրով դէպի բնականոնացում ընթացող իրանաամերիկեան եւ Քուպա - Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կտրուկ շրջադարձներ կատարած են արդէն: Տակաւի՛ն. հարաւամերիկեան տարածաշրջանին մէջ  թէժ իրավիճակներ կը ստեղծուին Ուաշինկթընէն Քարաքաս սպառնական ոճի հռետորաբանութեան առաստաղի բարձրացումով: Կեդրոնական Ամերիկայէն անցնելով Հարաւային Ամերիկա, հասնելու...

Կարէն Կարապետեան Եւ Տմիթրի Մետվետեւ  Քննարկած Են Հայ-Ռուսական  Համագործակցութեան Օրակարգի Հարցերը

Կարէն Կարապետեան Եւ Տմիթրի Մետվետեւ Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Համագործակցութեան Օրակարգի Հարցերը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան  Ասթանայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Երկուստեք ընդգծուած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտուրը կ՛աճի, եւ երկկողմանի տնտեսական ցուցանիշներուն մէջ առկայ են դրական միտումներ: Հանդիպումին քննարկուած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Ռուսիոյ վարչապետին` Հայաստան նախատեսուող այցելութեան  ժամկէտերը: Կարէն Կարապետեան Ասթանայի մէջ կը մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական...

Page 612 of 796 1 … 611 612 613 … 796

Արխիւներ