Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Վիրաւոր Զինուորներուն

Բագրատունի Այցելեց Վիրաւոր Զինուորներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Յունական հիւանդանոցին մէջ գտնուող բանակի զինուորներուն, որոնք ահաբեկչութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մասնակից էին եւ անցնող շաբաթ ծանրօրէն վիրաւորուած էին Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ: ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով Բագրատունի առողջութիւն մաղթեց վիրաւոր զինուորներուն եւ համբերութիւն անոնց ընտանեկան պարագաներուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմելով ան ըսաւ. «Հպարտ ենք ձեզմով, դուք մեր եւ...

Լիբանանահայութիւնը Արեան Տուչութեամբ  Կը Զօրակցի Լիբանանեան Բանակին

Լիբանանահայութիւնը Արեան Տուչութեամբ Կը Զօրակցի Լիբանանեան Բանակին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին ընդառաջելով` երէկ, ուրբաթ, 25 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, բազմաթիւ հայորդիներ փութացին Պուրճ Համուտի հրապարակ եւ արեան տուչութեան միջոցով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին լիբանանեան բանակին, որուն զինուորները իրենց սրբազան պարտականութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքն ու անձը չեն խնայեր պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, երաշխաւորելու երկրին ու լիբանանցիներուն ապահովութիւնը: Պուրճ Համուտի հրապարակը սովորականէն տարբեր տեսք...

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Թիւրքմենական  Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Թիւրքմենական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Հայաստանի եւ Թիւրքմենիստանի նախագահները Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած են համաշխարհային խաղաղութեան նպաստելու հարցով փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու փոխադարձ ձգտումը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք` լրագրողներուն այս մասին ըսած է Թիւրքմենիստանի նախագահ Գուրպանկուլի Պերտիմուհամետով: «Պատրաստակամութիւն յայտնած ենք այդ ուղղութեամբ գործընկերութիւն զարգացնելու ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափով, այնպէս ալ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ԱՊՀ-ի եւ այլ միջազգային...

Բաբայեան. «Հոկլընտի Յայտարարութիւնը  Ո՛չ Վերջնագիր Է, Ո՛չ Ալ Պարտադրանք»

Բաբայեան. «Հոկլընտի Յայտարարութիւնը Ո՛չ Վերջնագիր Է, Ո՛չ Ալ Պարտադրանք»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի խաղաղ լուծման մասին վերջնագիր չէ, ճնշման մեթոտ չէ: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ  բանբեր Դաւիթ Բաբայեան: Ամերիկացի համանախագահի յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման 6 կէտեր, որոնց շարքին հետեւեալը. «Նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքին, որ...

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պատերազմը Կը Շարունակուի  Աւելի Եւս Սեղմելով  Ահաբեկիչներու Շրջափակումի Օղակը

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պատերազմը Կը Շարունակուի Աւելի Եւս Սեղմելով Ահաբեկիչներու Շրջափակումի Օղակը

Լիբանանեան բանակը երէկ ուշ գիշերին թնդանօթներով Ուատի Մարթպայայի մէջ ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ին պատկանող երկու ամենագնացներ, որոնք բեռցուած էին պայթուցիկ  նիւթերու մեծ քանակով: Բանակը ուղղակի թիրախ դարձուցած էր ամենագնացները` տեղւոյն վրայ պայթեցնելով զանոնք եւ սպաննելով մեծ թիւով ահաբեկիչներ Երեկոյեան ժամը 7:00-ին բանակին օդուժը ռմբակոծած էր ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները եւ հիմնայատակ քանդած զանոնք: Օրուան ընթացքին բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը շեշտած էր, որ «Բարձունքներու արշալոյսը»...

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանեան-Սուրիական Սահմանի Ահաբեկչութենէն  Ազատագրումը Նկատելու Բ. Ազատագրումի Տօն»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանեան-Սուրիական Սահմանի Ահաբեկչութենէն Ազատագրումը Նկատելու Բ. Ազատագրումի Տօն»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընդմէջէն ողջունեց լիբանանեան եւ սուրիական բանակի հրամանատարութիւնները, սպաներն ու զինուորները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան մարտիկները, որոնք լիբանանեան եւ սուրիական բարձունքներուն վրայ կը կռուին ահաբեկիչներուն դէմ: Ան ողջունեց նաեւ վիրաւորները` անոնց մաղթելով ապաքինում եւ հաստատելով, որ պատերազմին մասնակցող բոլոր կողմերը մտադիր են յաղթանակ իրականացնել: «Լիբանանեան կողմին նպատակն...

«Ազդակ»-ի Նախաձեռնած Ապագայ  Լրագրողներու Պատրաստութեան  Վարժողական Ծրագիրը Պաշտօնապէս Սկսաւ

«Ազդակ»-ի Նախաձեռնած Ապագայ Լրագրողներու Պատրաստութեան Վարժողական Ծրագիրը Պաշտօնապէս Սկսաւ

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը պաշտօնապէս սկսաւ երէկ, երբ հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան «Չաղլասեան» սրահին մէջ կատարեցին իրենց առաջին հանդիպումը` իրենց խումբին համար ընտրելով «Ապագայ լրագրողներ» անունը: Ծրագիրին մաս պիտի կազմեն նաեւ Արենի...

Բարձունքներու Ազատագրումը Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Յաղթանակն Է

Բարձունքներու Ազատագրումը Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Յաղթանակն Է

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Անցնող օրերուն հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին շղթայազերծած պատերազմը արդէն իսկ, յաղթական մարտնչումներով իր լրումին կը հասնի յառաջիկայ օրերուն, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ: Նախապէս եւ քանի մը օրուան տարբերութեամբ, Արսալի բարձունքները ազատագրուեցան Դիմադրութեան մարտիկներու զոհողութիւններով: Ու եթէ երբեք լիբանանեան ներքին թատերաբեմի քաղաքական դասաւորումները որոշ վերապահութիւններ կը յառաջացնէին Դիմադրութեան յաղթանակին նկատմամբ, լիբանանեան բանակի գրոհներն ու արձանագրած...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի  Համանախագահը Հրապարակած Է Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Խաղաղ Լուծման  Վերաբերող Հիմնական Կէտերը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը Հրապարակած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Վերաբերող Հիմնական Կէտերը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հիմնական կէտերը: «Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բարդ պատմութիւնը, կողմերը պէտք է սահմանեն անոր վերջնական իրաւական կարգավիճակը ապագային` փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ իրաւական պարտաւորեցնող կամքի արտայայտութեամբ: Նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքին, որ Պաքուի կողմէ չի վերահսկուիր, պէտք է ժամանակաւոր կարգավիճակ տրուի, որ առնուազն կ՛ապահովէ...

Սարգսեան – Փութին Հանդիպում.  Փութին. «Հայաստան – Ռուսիա Երկու Ինքնիշխան  Պետութիւններու Միջեւ Յարաբերութիւնները  Շատ Լուրջ Կերպով Ամրապնդուած Են»

Սարգսեան – Փութին Հանդիպում. Փութին. «Հայաստան – Ռուսիա Երկու Ինքնիշխան Պետութիւններու Միջեւ Յարաբերութիւնները Շատ Լուրջ Կերպով Ամրապնդուած Են»

Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Սոչի, Ռուսիա, ուր Ռուսիոյ նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Երկու պետութիւններու նախագահները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով յարաբերութիւններու օրակարգին եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի այս տարուան մարտին Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքին: Նախագահներ Սարգսեան եւ Փութին...

Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ «Բարձունքներու  Արշալոյսը» Գործողութեան Արձանագրած  Յաղթանակին Պաշտօնական Յայտարարութեան

Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութեան Արձանագրած Յաղթանակին Պաշտօնական Յայտարարութեան

Հինգերորդ օրն ըլլալով բանակը երէկ շարունակեց Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վերեւ իր սկսած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է արեւելեան լեռնաշղթան վնասազերծել ահաբեկիչներէ: ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած բարձունքներուն 100 քառ. քմ-ը ազատագրելէ ետք բանակը երէկ վերադասաւորեց իր դիրքերը, ինչպէս նաեւ շարունակեց վնասազերծել ահաբեկիչներուն պատրաստած ականները: Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ բանակը կը պատրաստուի «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան չորրորդ փուլին` հաստատելով, որ զինուորական...

ՀՅԴ-ն Կոչ Կ՛ուղղէ Արեան Տուչութեամբ  Զօրակցելու Լիբանանեան Բանակին

ՀՅԴ-ն Կոչ Կ՛ուղղէ Արեան Տուչութեամբ Զօրակցելու Լիբանանեան Բանակին

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ 18-էն 45 տարեկան հայորդիներուն ուրբաթ, 25 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3։00 ներկայանալու Պուրճ Համուտի հրապարակ եւ արեան տուչութեան միջոցով զօրակցութիւն յայտնելու ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ յայտարարած, լիբանանեան բռնագրաւեալ տարածքները ազատագրող եւ այդ սրբազան առաքելութեան ճամբուն վրայ նահատակներ ու վիրաւորներ տուող լիբանանեան բանակին:

Նախագահ Սարգսեան Սոչիի Մէջ  Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

Նախագահ Սարգսեան Սոչիի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 օգոստոսին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ռուսիա` Սոչի, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ կը նախատեսուի, որ երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն շարք մը մարզերու վերաբերեալ, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, մշակութային երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցեր, ինչպէս...

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Միայն Խօսքերով Չէ,  Որ Ուսուցիչի Կարեւորութիւնը Կը Շեշտուի»

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Միայն Խօսքերով Չէ, Որ Ուսուցիչի Կարեւորութիւնը Կը Շեշտուի»

Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի կրթութեան մարզի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ներկայացուց «Ուսուցիչ» նոր նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթական մարզի մտահոգութիւնները: Նախարար Մկրտչեան յայտարարեց. «Ամէն ինչ կը մնայ թուղթի վրայ, եթէ  չկարենանք մեր վերաբերմունքը փոխել մեր կրթական համակարգի նուիրեալներուն նկատմամբ: Շուրջ 37 հազար ուսուցիչ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը, մէկ մասը` ամբողջական նուիրումով, մէկ զգալի մասը`...

Բանակը Ազատագրած Է 100 Քառ. Քմ Տարածք Մը  Եւ Ջախջախիչ Պարտութեան Մատնած Տահեշը.  Յայտարարուելիք Ամբողջական Յաղթանակը Մօտալուտ Է

Բանակը Ազատագրած Է 100 Քառ. Քմ Տարածք Մը Եւ Ջախջախիչ Պարտութեան Մատնած Տահեշը. Յայտարարուելիք Ամբողջական Յաղթանակը Մօտալուտ Է

«Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան երրորդ փուլը սկսաւ երէկ առաւօտեան ժամը 5:45-ին, երբ լիբանանեան բանակը սկսաւ բուռն կերպով ռմբակոծել Ռաս Էլ Քաֆի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ բանակին մղած բուռն կռիւին շնորհիւ կարելի եղաւ ազատագրել Թալլեթ Քահըֆը, Ուատի Քէյֆը եւ Ռաս էլ Քաֆը, որ ռազմավարական կարեւոր դիրք մը կը նկատուի: Տհուրի Քահըֆի բարձունքին վրայ լիբանանեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի...

Մամլոյ 131-րդ Լսարան.  Դոկտ. Արա Սանճեան Եւ Վարագ Գեթսեմանեան  Ներկայացուցին «Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի  Կերպարը Պատմագրութեան  Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Մէջ» Նիւթը

Մամլոյ 131-րդ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան Եւ Վարագ Գեթսեմանեան Ներկայացուցին «Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի Կերպարը Պատմագրութեան Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Մէջ» Նիւթը

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կերպարն ու յատկապէս զայն բարեփոխուած ներկայացնելու թրքական ճիգերը (գէթ գեղարուեստական դիտանկիւնէն) առանցքը կազմեցին «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 131-րդ լսարանին: Երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ ողջունելով ներկաները անդրադարձաւ օրուան նիւթին եւ ներկայացուց օրուան բանախօս-զեկուցաբերները: «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններու շարքին...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Դ. (Սիսի Կաթողիկոսական Նստավայրի Հայցը)

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Դ. (Սիսի Կաթողիկոսական Նստավայրի Հայցը)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական ազատութիւններու Թուրքիոյ վերաբերող զեկուցումին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած դատի բաժինը: Այսպէս. նշուած է` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915 թուականին ապօրինի կերպով գրաւուած Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը: 2016 յունիսին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր հայցը` ընթացակարգային պատճառներով, սակայն, դեկտեմբերին, հայցուորը դիմած էր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան»:...

Աւարտեցաւ ՀՅԴ ԱՊՀ Երկիրներու  Ուսանողական Բանակումը

Աւարտեցաւ ՀՅԴ ԱՊՀ Երկիրներու Ուսանողական Բանակումը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ 20 օգոստոս 2017-ին Ծաղկաձորի մէջ աւարտեցաւ Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ՀՅԴ ԱՊՀ երկիրներու ուսանողական առաջին բանակումը, որուն կը մասնակցէին 100 ուսանողներ` զանազան երկիրներէ: Բանակումի ընդհանուր բնաբանն էր «Կազմակերպուածութիւնը ուժ է»: Հնգօրեայ բանակումի ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու եւ տեղեկանալու մասնակից շրջաններու ուսանողութեան խնդիրներուն մասին: Դասախօսութիւններով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան,...

Համագործակցութեան Անդրանիկ Նախաքայլ`  Քուէյթի Ազգային Վարժարանին Եւ Հայաստանի  «Անանիա Շիրակացի»-ի Անուան Ճեմարանին Միջեւ

Համագործակցութեան Անդրանիկ Նախաքայլ` Քուէյթի Ազգային Վարժարանին Եւ Հայաստանի «Անանիա Շիրակացի»-ի Անուան Ճեմարանին Միջեւ

Երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2017-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան  կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մասնաշէնքին մէջ Հայաստանի «Անանիա Շիրակացի» Ճեմարանին եւ Քուէյթի Ազգային վարժարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան եւ բարեկամութեան յուշագիր: Սոյն յուշագիրը իր տեսակին մէջ եզակի է այն առումով, որ առաջին համաձայնագիրն է, զոր կը ստորագրուի սփիւռքեան եւ հայաստանեան կրթօճախներու միջեւ: Նշեալ յուշագիրով կողմերը կ՛իրականացնեն շարք մը ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն ուսուցիչներու վերապատրաստման աշխատանքին,...

Բանակին Սանձազերծած «Բարձունքներու  Արշալոյսը» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի  Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վրայ

Բանակին Սանձազերծած «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վրայ

Լիբանանեան բանակը երրորդ օրն ըլլալով Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ շարունակեց իր սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը: Լիբանանեան բանակը իր երրորդ օրուան աշխատանքը կեդրոնացուց ականներու վնասազերծումին եւ ազատագրուած տարածքները ականներէ մաքրագործելու վրայ: Հաւանաբար այս աշխատանքը նախապատրաստութիւն էր բանակին իրականացնելիք գործողութեան երրորդ փուլին, որուն շնորհիւ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին անդամը պիտի սպաննուի կամ դուրս շպրտուի Լիբանանի սահմաններէն: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան բանակին գործողութիւններուն...

Page 611 of 796 1 … 610 611 612 … 796

Արխիւներ