Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մուսուլէն Ռաքքա` Ազատագրման Գործողութիւններու Կշռոյթները

Հոկտեմբեր 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական, Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք Ռաքքայի ազատագրումի հանգամանքները որոշակի առումներով լոյս կը սփռեն տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ:

Թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչազերծումի գործողութիւնները կ՛ընթանան հաստատ կշռոյթներով: Երկու տարածքներուն վրայ ալ գործողութիւններուն աշխուժօրէն կը մասնակցին քրտական զինեալ խմբաւորումները: Մաքրազտման այս գործողութիւնները հիմնական շրջանները մաքրելով հանդերձ շատ արագ թայմաութներ կ՛առնեն: Միակտուր եւ համընդհանուր ահաբեկչութեան արմատախլման եւ վերջնական մաքրումին չեն յանգիր: Չէ բացառուած, որ ի վերջոյ այդ մէկը եւս տեղի ունենայ, երբ տեղայնացուած այս գործողութիւններու սահմանափակ համաձայնութիւնները յանգին ընդհանուր մեծ համաձայնութեան:

Ռաքքայի ազատագրումի ամիսներ տեւած գործողութիւններուն ամէնէն շատ երեւցաւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու  մասնակցութիւնը: Պարզ է եւ ընդհանուր համոզում, որ այս ուժերը խորքին մէջ հովանաւորուած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ, ուրկէ եւ կը ստանան թէ՛ ֆինանսական եւ թէ՛ զինուորական օժանդակութիւն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հիմնական բաղկացուցիչ հանդիսացող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Ռաքքայի ազատագրման գործողութիւններուն ընթացքին: Ուրեմն խորքին մէջ Ուաշինկթընի օժանդակութիւնը դէպի քրտական զինեալ ուժեր տեղի կ՛ունենայ միջնորդաւորուած ձեւով:

Միւս կողմէ, կառավարական ուժերը, որոնք չմասնակցելով Ռաքքայի ազատագրութեան կը ստանձնեն Ռաքքայի զինուորական վերահսկողութիւնը, բնականաբար կը հովանաւորուին Մոսկուայի կողմէ, առաջին հերթին: Գործողութիւնը կ՛իրականանայ Ուաշինկթընի հովանաւորած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ, իսկ ազատագրուած տարածքներու վերահսկողութիւնը կը ստանձնեն Մոսկուայի հովանաւորութիւնը վայելող Սուրիոյ կառավարական ուժերը: Քրտական ուժերը, որոնք մասնակից են այս երկկողմանի գործողութիւններուն, ունին յստակ դերակատարութիւն ահաբեկչազերծումի ընդհանուր պատերազմին մէջ: Մոսկուա-Ուաշինկթըն լուռ համաձայնութիւնը կը դրսեւորուի այս ձեւով:

Աւելիով կը շեշտուի Իսլամական պետութեան ամբողջ վախազդու համակարգին սնանումը այն ուժերուն կողմէ, որոնք այսօր որոշած են գէթ այս փուլին նուազեցնել անոր ազդեցիկութեան գործօնը: Իսլամական պետութեան մայրաքաղաքը երկար ժամանակ չի դիմանար ոչ թէ այս կամ այն գերտէրութեան վճռորոշ հարուածներուն, այլ անոնց կողմէ միջնորդաւորուած ձեւով գետնի վրայ կատարուող յարձակումներուն:

Ոչ երկար դիմադրութենէ ետք փուլ եկող` աշխարհը սարսափեցուցած, քարիւղի հանքերու տիրացած, ժամանակակից զինատեսակներ ձեռք ձգած, տարբեր տարածքներու վրայ ցեղային զտումներ իրականացուցած Իսլամական պետութեան մայրաքաղաքի պատկերը հետագայ իրադրութիւններուն վրայ կրնայ որոշ լոյս սփռել:

Աշխարհագրական նոր սահմանագծումներով եւ ժողովրդագրական տեղաբաշխումներով յատկանշուող տարածքներուն համապատկերը աւելի կը յստականայ, երբ Տէր Զօրի քաղաքամէջն ու անապատի խորքերը` դէպի իրաքեան եւ սուրիական սահմաններ գացող շրջանները եւս ազատագրուին ահաբեկիչ տարրերէ:

Լարուածութեան մեղմացման գօտիներ հասկացողութիւնը, որ անմիջականօրէն իբրեւ գլխաւոր խաղացողներ ունի Իրանը, Թուրքիան եւ Ռուսիան, հետզհետէ պիտի տարածուի ամբողջ Սուրիոյ եւ Իրաքի վրայ: Բնականաբար նաեւ ներառելով Ուաշինկթընը:

Նման համաձայնութիւններէ ետք աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ինչպէս կ՛ազատագրուին, կը դիմափոխուին եւ նոր վերահսկողութիւններ կը ստանան այդ տարածքները, որոնք ըստ ձեւի լարուածութեան մեղմացման, ըստ էութեան սակայն ազդեցութեան գօտիներ են առնչուած գերտէրութիւններուն համար:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Վշտակցութիւն Կը Յայտնէ Լեւոն Հայրապետեանի Մահուան Առթիւ

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ Նուիրատուութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?