Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Ազգային ժողովներու ՀՅԴ խմբակցութիւնները տարեկան նուազագոյնը երկու հանդիպում կ՛ունենան թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի մէջ:
16 հոկտեմբերին Արցախի ՀՅԴ պատգամաւորները ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ հանդիպեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն եւ դաշնակցական նախարարներուն հետ:
Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, «Երկիր»-ին հետ զրուցելով հանդիպման նիւթերուն մասին, տեղեկացուց, որ այս անգամ քննարկման նիւթերը պիտի ըլլան քանի մը օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ:
«Տեղեկատուական փոխանցումներէ բացի, մենք պիտի ունենանք որոշ օրէնքներու շուրջ քննարկումներ, յատկապէս` այն օրէնքներուն, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջերս ընդունուած են», ըսաւ ան, ապա աւելցուց, որ այս քննարկումներուն մէջ պէտք է ընդգրկել նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի այլ խմբակցութիւններու անդամներ:
Իշխանեան շեշտեց, որ պիտի անդրադառնան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու օրէնքին, քանի որ Հայաստանի մէջ արդէն համայնքներու խոշորացումը գործնականօրէն իրականացած է: «Արցախի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք ունինք նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութիւն, ինչ որ սահմանադրական պահանջ է, այս հարցերն ալ պիտի քննարկենք», յայտնեց ան:
Իշխանեանի համաձայն, իրենք պիտի շրջին նաեւ Հայաստանի խոշորացուած համայնքներուն մէջ: «Կը նախատեսենք Հայաստանի տարբեր խոշորացուած համայնքներ այցելել` ուղղակիօրէն ծանօթանալու եւ մեզի համար լուսաբանելու այն իրական քայլերը, այն դրական տեղաշարժերը, ինչու չէ` նաեւ այն բացերը, որոնցմէ մենք կրնանք խուսափիլ, իսկ առաւելութիւններէն օգտուիլ նաեւ Արցախի պարագային», ըսաւ ան:
Իշխանեան նշեց, որ իրենց մօտ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համակարգը տակաւին կայացած չէ: «Սահմանադրութեան մէջ «խոշորացում» հասկացութիւնը յաջողեցանք չներառել, մենք անոր փոխարէն ձեւակերպած ենք` այդ մարմիններու վերանայման խնդիրը: Յառաջիկայ 3-5 տարիներուն ընթացքին մենք պէտք է որոշակիօրէն վերատեսութեան ենթարկենք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութիւնը` նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համակարգը Արցախի մէջ այդպէս ալ չէ կայացած», ընդգծեց ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ուր ալ ըլլայ, նոյն նպատակները պէտք է հետապնդէ եւ նոյն ռազմավարութեամբ հանդէս գայ, ուստի նման հանդիպումներ անհրաժեշտ են:
«Անհրաժեշտութիւնը միշտ կայ, որպէսզի մենք մեր կատարած եւ ակնկալուող քայլերուն հետ կապուած նախնական քննարկումները կատարենք, զանոնք իրարու հետ համաձայնեցնենք, որ ընդհանուր ռազմավարութիւնը պահպանենք: Ասիկա է ընդհանուր նպատակը, բայց յստակ հարցեր կը յառաջանան` կապուած տուեալ պահուն քննարկուող օրէնքներու, նախաձեռնութիւններու բաժինով, որոնք մենք կ՛իրականացնենք», ըսաւ ան:
Ռուստամեան ընդգծեց. «Յայտնի է անվտանգութեան հարցերուն հետ կապուած մեր տեսակէտը: Մենք մէկ միասնական համակարգի մէջ ենք, եւ ասիկա պէտք է ոչ թէ միայն խօսք ըլլայ, այլ պէտք է միս ու արիւն ստանայ», ըսաւ ան, ապա աւելցուց. «Մենք չենք կրնար շրջանցել բանակաշինութեան, սահմանային իրավիճակներու հետ կապուած հարցերը, մեր ընելիքները»:
Պատգամաւորը ըսաւ, որ պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրուին, որպէսզի կարենանք մեր բանակը զօրացնել: Բացի ատկէ, Ռուստամեան տեղեկացուց, որ նոր նախաձեռնութիւններ ունին` պահեստազօրի ձեւաւորման հարցով: «Ապրիլեան պատերազմէն ետք ատիկա գլխաւոր հարցն է` եթէ օր մը, Աստուած մի՛ արասցէ, պատերազմական վիճակ յառաջանայ, մենք պատրաստ ունենանք այն գունդերը, խումբերը, որոնք գիտեն` ինչ ընեն, որովհետեւ ժամանակակից պատերազմը կը պահանջէ համապատասխան մակարդակի ուսուցում եւ պատրաստուածութիւն», եզրափակեց ան:


