Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնախմբութեան Մթնոլորտ` Լէյլաւանի Մէջ. Օծում` Ֆանարի Մատրան Նորակառոյց Մկրտարանի

October 23, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ֆանարի շրջանի հայութեան համար: Արդարեւ, շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, մատրան կողքին գտնուող շրջափակին մէջ տիրեց ընկերային ճոխ մթնոլորտ մը: Շրջանին մէջ գործող միութիւնները, ինչպէս` ՀՄԸՄ, ԼՕԽ, ԼԵՄ, Ֆանարի մատրան տիկնանց յանձնախումբը, տարբեր կրպակներու մէջ համադամ ճաշեր վաճառեցին, մինչ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը զուարճացուց մանուկները` երգերով եւ խաղերով: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Կիրակի, 22 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այնուհետեւ թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի մատուռ, ուր սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը օծեց նորակառոյց մկրտարանը, որուն բարերարն էր Սարօ Տաւոյեան:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները սիրով ճանչնալու զԱստուած` աւելցնելով, որ բաւարար չէ միայն ճանչնալ եկեղեցին, զԱստուած, հայութիւնը, ազգը, այլ նաեւ պէտք է մօտենանք, սիրենք, որպէսզի լաւապէս ճանչնանք:

Անդրադառնալով հաւատքի եւ ինքնութեան պահպանման հարցին` սրբազան հայրը ցաւով յայտնեց, որ ներկայիս վտանգուած է մեր ինքնութիւնը, մեր աւանդութիւնները հետզհետէ կը կորսուին, եւ պահը հասած է, որ սթափինք եւ վերականգնենք մեր աւանդութիւնները:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, որմէ ետք «Է. Ակնունի» ժողովրդային տան մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ֆանարի մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ թաղականութիւնը աշխատանք պիտի տանի բարգաւաճեցնելու մատուռը, որպէսզի անիկա աւելի մօտենայ ժողովուրդին եւ նոյնպէս ժողովուրդը մօտենայ մատրան:

Սրբազան հայրը իր ելոյթին մէջ վեր առաւ Լէյլաւանի շրջանի հայութեան կապուածութիւնը մատրան հետ` գնահատելով եւ քաջալերելով թաղականութեան տարած աշխատանքը մատրան վերականգնման եւ բարեզարդման հոլովոյթին մէջ:

Այնուհետեւ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար` իբրեւ թաղականութեան անդամ եւ դպրաց դասի ատենապետ, Նազարէթ Սթիլեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

Սիրոյ սեղանի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Րաֆֆի Կէօվօղլանեան մեկնաբանեց երգերու փունջ մը, Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը, Նուշիկ Սէֆէրեան մեկնաբանեց «Տունն իմ հայրենի» երգը:

Նախորդը

Հանդիպումն Անցաւ. Հարցերը Մնացին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Ռազմական Պիւտճէն Պիտի Աճի 5,2 Տոկոսով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.