Երէկ` երեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2017-ին, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ հասաւ Երեւան:
Մետվետեւ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Ռուսիոյ վարչապետը ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Այնուհետեւ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու վարչապետներուն հանդիպումը, որմէ ետք միջկառավարական, միջնախարարական եւ միջշրջանային համագործակցութեան առնչուող փաստաթուղթերու ստորագրում:
Հայաստան պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ վարչապետը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Այսօր, 25 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը:
Մետվետեւը` Նախագահ Սարգսեանին.
«Մենք Գործընկերներ Ենք, Բարեկամներ Ենք»
Երէկ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը:
Հանրապետութեան նախագահը, ողջունելով հիւրը, ընդգծած է, որ Ռուսիոյ վարչապետին այցելութիւնը կը կայանայ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի տարուան ընթացքին` գոհունակութեամբ փաստելով, որ այդ ընթացքին հսկայական աշխատանք կատարուած է:
«Այսօր մեր յարաբերութիւնները կը յատկանշուին քաղաքական մնայուն երկխօսութեամբ բոլոր մակարդակներու վրայ` արտաքին քաղաքական լայն համակարգումով, միջազգային եւ շրջանային հարթակներու վրայ լաւ աշխատանքով, տնտեսութեան, զինուորական եւ զինուորական արհեստագիտութեան բնագաւառներուն մէջ եւ յատկապէս փոխադարձ առեւտուրի մարզին մէջ արգասաբեր համագործակցութեամբ. անցեալ տարի մենք աւարտած ենք 15 առ հարիւր աճով, իսկ ընթացիկ տարուան ութ ամիսներուն ընթացքին մեր ապրանքաշրջանառութեան աճը 23 առ հարիւրէն քիչ մը աւելի է: Ասիկա շատ լաւ է: Ես վստահ եմ, որ ձեր պաշտօնական այցելութիւնը պիտի ըլլայ կարեւոր քայլ մը եւս մեր յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման ճամբուն վրայ», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ռուսիոյ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին ընդունելութեան համար եւ յայտնեց նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները: Տմիթրի Մետվետեւ ուրախութեամբ տեղեկացուց նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան աճը նոյնիսկ աւելին է, քան ինչ որ նշեց նախագահը` գրեթէ 30 առ հարիւր:
«Այսպիսով, ասիկա դրական տեղեկութիւն է, որ ես կ՛ուզեմ կիսել ձեզի հետ: Շնորհակալ եմ հանդիպման համար: Իրապէս, մենք գործընկերներ ենք, բարեկամներ ենք, մենք ունինք շատ զարգացած յարաբերութիւններ բոլոր մարզերուն մէջ: Քիչ առաջ կը քննարկէինք Իրանի հետ համագործակցութեամբ ձեր քով ստեղծուող ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ աշխատանքի կարելիութիւնը եւ շարք մը այլ ծրագիրներ: Ուստի պիտի աշխատինք, համագործակցինք», ըսաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ:
Մետվետեւը` Կարէն Կարապետեանի Հետ Ունեցած Առանձնազրոյցէն Ետք.
«Ուրուագծած Ենք Ապագայի Ծրագիրները»
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւը, առանձնազրոյցէն եւ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններէն ետք, հանդիպեցան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ հանդէս եկած բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով:
Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Խօսքը
«Յարգելի՛ Տմիթրի Մետվետեւ, գործընկերներ, կ՛ուզեմ ձեզի հետ կիսել մեր բանակցութիւններուն արդիւնքները: Նախ եւ առաջ մենք ամփոփեցինք վերջին շրջանին իրականացած աշխատանքներուն արդիւնքները: Արձանագրած ենք, որ մեր երկիրներու դաշնակցային յարաբերութիւնները տարուէ-տարի աշխուժօրէն կը զարգանան, մենք աճ արձանագրած ենք նաեւ թիւերով եւ միաժամանակ ընդգծած ենք, որ ունինք աճի մեծ կարելիութիւն:
Քննարկած ենք միացեալ ե՛ւ ներդրումային, ե՛ւ այլ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները` համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ: Այսօր ստորագրուած են փաստաթուղթեր, որոնք միանշանակ կը նպաստեն մեր համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման:
Երկկողմանի տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան բոլոր հոլովոյթներուն մէջ մենք ընդգծած ենք միջկառավարական յանձնախումբին կարեւոր դերը եւ շեշտած վերջին շրջանին շատ յաճախակի, պարբերական ու կառուցողական հանդիպումներու փաստը միջնախարարական եւ հորիզոնական մակարդակի վրայ, ինչ որ լրացուցիչ խթան եւ արագութիւն կը հաղորդէ, որպէսզի այն ծրագիրները, որոնք մենք կը նախատեսենք` արագ կեանքի կոչուին: Աւարտելով խօսքս, կ՛ուզեմ արձանագրել, որ մենք գոհ ենք կատարուած աշխատանքէն: Նաեւ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ մեր բանակցութիւնները ինչպէս միշտ եղած են շատ կառուցողական, յագեցած եւ բարեկամական: Վստահ եմ, որ այն, ինչ որ պայմանաւորուած ենք` շուտով պիտի իրականացուի, եւ մենք միայն յառաջ պիտի երթանք»:
Ռուսիոյ Վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի Խօսքը
«Յարգելի՛ Կարէն Կարապետեան, յարգելի՛ գործընկերներ, լրատուամիջոցներու յարգելի՛ ներկայացուցիչներ, Կարէն Կարապետեանի խօսքը հակիրճ էր, ես կը փորձեմ աւելի հակիրճ խօսիլ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մենք ունեցած ենք ոչ ճիշդ բանակցութիւններ, հակառակը, ամէն ինչ լաւ եղած է, մենք համոզուեցանք, որ բոլոր ուղղութիւններով կապերը կը զարգանան: Ի դէպ, այժմ մեր երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակն է, իսկ մեր յարաբերութիւններու պատմութեան մասին ես չեմ խօսիր, քանի որ անոնք աւելի երկար ժամանակահատուած կը ներկայացնեն: Ռուսիան կը մնայ Հայաստանի արտաքին տնտեսական յառաջատար գործընկերը, երկկողմանի առեւտրական շրջանառութիւնը աճած է ե՛ւ 2016-ին, ե՛ւ 2017-ին, ընդ որում` կը զարգանայ բաւական լաւ կշռոյթով, մենք այդ մասին արդէն ըսած ենք:
Մեր միացեալ բոլոր ձեռնարկութիւնները կ՛աշխատին բոլոր մարզերուն մէջ` ե՛ւ բարձր արհեստագիտութիւններու, ե՛ւ ուժանիւթի, ե՛ւ շինարարութեան, ե՛ւ հեռահաղորդակցութեան: Մենք ուրուագծած ենք ապագայի ծրագիրները, թէ ինչով կարելի է զբաղիլ մօտակայ տարիներուն: Համագործակցութիւնը մարդասիրական մարզին մէջ եւս կը զարգանայ, մենք կը պատրաստուինք Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր կազմակերպելու, որոնք տեղի պիտի ունենան նոյեմբերին: Յոյս ունիմ, որ մարդասիրական մարզին մէջ շարք մը նոր ծրագիրներ եւս իրականացուին: Կ՛ուզեմ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնել գործընկերոջս` աշխատանքի հիանալի պայմաններուն եւ հիւրընկալութեան համար:


