«Պաշտպանութեան մասին» օրէնքի նախագիծով առաջին քայլը կ՛առնուի պաշտպանութեան մարզը փոխուած Սահմանադրութեան պահանջներուն եւ նոր իրավիճակին համապատասխանեցնելուն: Երէկ Ազգային ժողովի նիստին ելոյթ ունենալով` ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Ասիկա, ըստ էութեան, պաշտպանութեան մասին մայր օրէնքն է, որ լաւագոյն հիմքը կը ստեղծէ, որպէսզի այդ ուղղութեամբ մենք ճիշդ քայլեր կատարենք», ըսաւ ան:
Պատգամաւորին համաձայն, այն սկզբունքները, որոնք ամրագրուած են այս օրէնքին մէջ, յստակ պատկերացում կու տան մեր պաշտպանութեան մասին, ինչ որ համահունչ է սահմանադրական պատկերացումներուն: Ռուստամեան յիշեցուց, որ երբ սահմանադրական բարեփոխումներուն մասին քննարկումներ կը ծաւալէին, կը խօսէին, թէ յայտնի չէ` Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւնը ինչպէ՛ս պէտք է իրականացուի, ո՛վ ինչի պատասխանատու է, ո՛ւր ինչ հարցեր պէտք է որոշուին եւ յստականան:
«Ես կ՛ընդունիմ, որ կան հարցեր, որոնք պէտք է յստականան, բայց, ընդհանուր առմամբ, շատ յստակ կ՛երեւի այս մարզին մէջ Ազգային ժողովի, կառավարութեան, վարչապետի, անվտանգութեան խորհուրդի, ընդհանուր հրամանատարութեան դերակատարութիւնը, անոնց գործառոյթներու տարանջատումը», ըսաւ պատգամաւորը եւ աւելցուց. «Անհեթեթ է, որ զինուորական գործը ինչ որ հաւաքական ղեկավարում ունենայ: Ազգային ժողովին մէջ, խորհրդարանական համակարգին մէջ հասկնալի է, որ հաւաքականութեան, խմբային կարծիքը լաւ բան է, բայց ասիկա այդ պարագան չէ, այստեղ հրամաններ կը տրուին, որոնք անվերապահ կը կատարուին, յետոյ կը քննարկուին` այդ հրամանները ճի՞շդ էին, թէ՞ սխալ»:
Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, կեդրոնացուած կառավարումը զինուորական գործի այբուբենն է: «Եկէք տարանջատենք այն հարցերը, որոնք քաղաքացիական հարթութեան վրայ կը գտնուին, բայց կայ զինուորական գործ, կայ զինուորական հրամանատարութիւն, ուր տարբեր հարցեր կը քննարկուին», ըսաւ ան` նշելով, որ այդ գործառոյթները օրինագիծին մէջ յստակօրէն տարանջատուած են:
«Պաշտպանութեան մարզին մէջ մենք պէտք է ունենանք այնպիսի կարգաւորումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն թիկունքի անվտանգութիւնը, իսկ պատերազմական իրավիճակին մէջ թիկունքը կը դառնայ ճակատ, եւ այդ ներդաշնակ անցումը կ՛ապահովուի», ըսաւ Ռուստամեան:


