Երեւանի «Մուլթի Կրանտ Հոթել» պանդոկին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը: Նիստին կը մասնակցին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի վարչապետները:
Նիստին կը նախագահէր Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:
Նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: Ան նախ հանդիպումին կազմակերպման համար շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական կողմին` վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ:
«Արդիւնաւէտ քննարկում էր: Մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ կը ձեւաւորենք ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժի կարելիութիւններ: Ատիկա դիւրին աշխատանք չէ եւ կը պահանջէ երկար ու տքնաջան աշխատանք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընթացիկ տարուան առաջին կիսուն Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու միասնական համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 1,8 առ հարիւրով, աճը կը վերաբերի բոլոր անդամ երկիրներուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է 28 առ հարիւրով, երրորդ երկիրներու հետ արտաքին առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է 26 առ հարիւրով: Սակայն յառաջ երթալու համար կարեւոր է կատարելագործել միութեան իրաւական դաշտը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, որ անդրադարձաւ արդիականացման եւ մրցունակութեան չափանիշներուն. «Այսօր գրեթէ կարելի չէ խօսիլ արդիականացման եւ մրցունակութեան բարձրացման մասին` առանց թուային օրակարգի: Հասկնալի է, որ այս ծաւալուն հարցին լուծման անհրաժեշտ է հասնիլ` հաշուի առնելով տնտեսութիւններու` այդ փոփոխութիւնները ընդունելու ունակութիւնը, առանց գործառնութիւններու համար աւելորդ ծախսերու:
Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Խորհուրդին Անդամները
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի անդամները` Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը, Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սապար Իսաքովը, Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Անտրէյ Քոպեաքովը, Ղազախստանի Հանրապետութեան վարչապետ Պաքիթժան Սագինթայեւը, որոնք Երեւանի մէջ կը մասնակցին Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, կը յայտնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ մամուլի միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է խորհուրդի անդամ երկիրներու վարչապետները եւ վստահութիւն յայտնած, որ Երեւանի մէջ կայացած միջկառավարական խորհուրդի նիստը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայէ եւրասիական ամբողջականացումը յառաջ մղելուն, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ երկու շաբաթ առաջ Եւրասիական տնտեսական միութեան հերթական վեհաժողովին բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման: Սարգսեան կարեւոր նկատած է խորհուրդի գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած աշխուժ ու արդիւնաւէտ աշխատանքի համար:


