Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի երէկ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին յայտնած է. «Ես կը հաւատամ, որ ժամանակին պիտի ստորագրուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր համաձայնագիրը, ես լաւատես եմ»:
«Մենք բոլոր ջանքերը կը գործադրենք, եւ շատ շնորհակալ եմ Պրիւքսելի իմ գործընկերներուս եւ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն, որ ջանք ու եռանդ չեն խնայեր, որպէսզի ի գործ դնեն բոլոր ընթացակարգերը եւ ապահովեն համաձայնագիրի ժամանակին ստորագրումը: Ես կը հաւատամ, որ ատիկա պիտի իրականացուի, ես լաւատես եմ», ըսած է դեսպանը:
Այն նշումին, թէ որոշ փորձագէտներ մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ ներքին ընթացակարգերու, օրինակ` թարգմանութեան հետ կապուած խնդիրներու պատճառով, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը կրնայ նոյեմբերին չստորագրուիլ, Սվիթալսքի արձագանգած է. «Ես կրնամ հաւաստել, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ բոլոր քայլերը եւ միջոցները կը ձեռնարկուին, որպէսզի այդ համաձայնագիրը ստորագրուի: Եւրոպական Միութեան կազմին, ինչպէս նաեւ անդամ երկիրներուն կողմէ կը գործադրուին շատ նպատակասլաց ջանքեր, որպէսզի ատիկա կեանքի կոչուի եւ իրականացուի: Մենք վճռական ենք` այդ կարելիութիւնը ընձեռելու եւ ի գործ դնելու բոլոր ջանքերը, որպէսզի համաձայնագիրը ստորագրուի ժամանակին»:


