Նախագահական ընտրութիւններու հարցը ՀՅԴ-ն չէ քննարկած ՀՀԿ-ին հետ: Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ նախագահ, եւ բնականաբար, մենք այդ թեկնածուին հարցը միասին պէտք է որոշենք: Ասիկա համահայկական բնոյթ ունեցող հարց է, եւ համախմբական դաշինքի գործընկերներով այս հարցը միասին պիտի քննարկենք եւ որոշենք: Այս մասին «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Արդեօք Կարէն Կարապետեան պիտի մնա՞յ վարչապետ 2018-ի ապրիլին եւ արդեօք կը համապատասխանէ՞ իր պաշտօնին, Արմէն Ռուստամեան արձագանգեց. «Կարէն Կարապետեանը արդէն կը համապատասխանէ իր պաշտօնին»: «Շատ աւելի հաշուետու պիտի ըլլայ ոեւէ վարչապետ, կէս տարին անգամ մը խորհրդարանը կրնայ անվստահութիւն յայտնել վարչապետին», շեշտեց ան:


