Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Մեզի տեղեկացուցին, թէ Իրանի մէջ մահապատիժները դադրած են, եւ իշխանութիւնները ոչ ոք մահապատիժի պիտի ենթարկեն: Պիտի ստուգենք եւ կը յուսանք, որ Իրանի մէջ մահապատիժներու դադրեցման մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները ճիշդ են»:
«Եթէ Իրանի մէջ կալանաւորուածներու սպանութիւնը դադրած չըլլայ, չափազանց պիտի վրդովինք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Ռոյթըրզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին կասկածի տակ առած է Իրանի գահընկէց շահի որդիին` Ռեզա Փահլեւիի Իրանի մէջ իշխանութիւնը ստանձնելու համար բաւարար ներքին աջակցութիւն ապահովելու կարողութիւնը:
Ան ըսաւ, որ ցոյցերու ազդեցութեան տակ Իրանի մէջ կրօնական վարչակարգի տապալման կարելիութիւն գոյութիւն ունի, սակայն ինք վստահ չէ, թէ իրանցիները Փահլեւիի ղեկավարութիւնը որքանո՛վ պիտի ընդունին:
«Ան չափազանց հաճելի մարդ կը թուի, սակայն չեմ գիտեր, թէ երկրին մէջ իր դերակատարութիւնը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ: Չեմ գիտեր, եթէ իր ժողովուրդը իր ղեկավարութիւնը պիտի ընդունի, եւ եթէ ատիկա տեղի ունենայ, հաստատօրէն ինծի համար ընդունելի պիտի ըլլայ», նշեց ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «տակաւին այդ փուլին չեն հասած»:
«Որեւէ վարչակարգ կրնայ ձախողիլ», նշեց Թրամփ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլը «հետաքրքրական» պիտի ըլլայ` վարչակարգը տապալի կամ ոչ:
Միւս կողմէ, «Տի Աթլանթիք» օրաթերթը` Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութենէն պաշտօնատարներ մէջբերելով հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակարգը կը ծրագրէ պահպանել Միջին Արեւելքէն Վենեզուելայի մօտ տեղափոխուած զինուորական միջոցները:
Օրաթերթին համաձայն, պաշտօնատարները նշած են, թէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժը բաւարար է Իրանը հարուածելու, սակայն ոչ հաւանական հակադարձութենէ մը պաշտպանուելու համար:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր Ազգային անվտանգութեան խումբին յստակացուցած է, թէ Իրանի մէջ ամերիկեան որեւէ զինուորական քայլէ ի՛նչ կ՛ուզէ:
Պաշտօնատարները նշեցին, որ Փենթակոնը Իրանի մէջ Թրամփի զինուորական նպատակներու իրագործման ընտրանքներ մշակած է:
Մինչ այդ, ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրը Միջին Արեւելքի շրջան հասնելու համար մէկ շաբթուան կը կարօտի:
Փաքիստանի մէջ Իրանի դեսպան Ռեզա Ամիրի Մուքատամ երէկ յայտնեց. «Թրամփ Իրանին յայտնեց, թէ յարձակում շղթայազերծելու մտադրութիւն չունի»:
Սէուտցի պաշտօնատար մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարն ու Օմանը Թրամփին համոզեցին Իրանին առիթ տալու»:


