Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 յունուար 2026-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 29-րդ (արտակարգ) Գերագոյն ժողովը, որ քննեց նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան 13 յունուարին կայացած ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը որոշած է մասնակցիլ ընտրութիւններուն` նախապատուութիւնը տալով դաշինքային ձեւաչափին: Ան նշեց, որ աշխուժ բանակցութիւններ պիտի վարեն հաւանական դաշինքի ձեւաչափի վերաբերեալ` ապահովելով ՀՅԴ-ի նշանակալի դերակատարութիւնը եւ մօտեցումներու արտացոլացումը կարեւոր հարցերու մէջ:

«2026-ի ընտրութիւնները անհրաժեշտ է վերածել գործող վարչախումբի վերարտադրութիւնը կանխելու միջոցի», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան` ներկայացնելով ՀՅԴ 29-րդ Գերագոյն ժողովի յայտարարութիւնը: «Մեր տրամադրուածութիւնը հետեւեալն է` մենք ունինք ցանկութիւն, ունինք հնարաւորութիւն, յաւակնութիւն` դաշինքը պահպանելու, զայն ընդլայնելու եւ աւելի ազդեցիկ միաւոր դարձնելու», ընդգծեց ան:

Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը հեռացնելու համար իրենք պատրաստ են այլ քաղաքական ուժերու միանալու:

«Եթէ ստեղծուի իրավիճակ, որ այս իշխանութեան հեռացումը պայմանաւորուած ըլլայ մեր` մէկ այլ ուժի հետ համագործակցելու հարցով, կը համագործակցինք ընդդիմադիր դաշտի իրական ուժերու հետ` այս իշխանութեան վերարտադրութիւնը կանխելու համար: Ո՛վ որուն կը միանայ, ի՛նչ իրավիճակներ կը ստեղծուին` ցոյց կու տան ընտրութիւններուն արդիւնքները», նշեց ան:

«Ոեւէ մէկը թող պահանջ չներկայացնէ, թէ ո՛վ մասնակցի ընտրութիւններուն: Ոեւէ մէկը բարոյական, քաղաքական իրաւունք չունի ըսելու` ընտրութիւններուն մի՛ մասնակցիք»,  յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ նորաստեղծ ուժերը կը յայտարարեն, որ նախկին նախագահներուն ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը Փաշինեանին վերընտրուելու առիթ կու տայ:

Սաղաթէլեանի կարծիքով` 2026-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պէտք է ձեւաւորուին քանի մը մեծ դաշինքներ, մարդոց ներկայացնեն ծրագիրներ, եւ Հայաստանի քաղաքացին ընդդիմութեան մէջէն պէտք է ընտրէ, թէ որո՛ւ ծրագիրը կրնայ երկիրը այս իրավիճակէն դուրս բերել:

«Մենք որեւէ աշխարհաքաղաքական կեդրոնէ ո՛չ աջակցութիւն ուզած ենք, ո՛չ ալ պիտի ուզենք, մենք կը մերժենք որեւէ արտաքին ազդեցութիւն», շեշտեց Սաղաթէլեան:

Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է ձեւաւորուի Հայաստանի քաղաքացիներուն մասնակցութեամբ եւ անոնց միջոցով, այլ տուեալ չկայ իշխանութեան ձեւաւորման համար:

«Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան յաջորդ իշխանութիւնը ձեւաւորուի որեւէ աշխարհաքաղաքական կեդրոնի կողմէ, իմացէ՛ք, որ մեր խնդիրները աւելի կը խորանան: Հետեւաբար, մի՛ փնտռէք մեր թիկունքին հարցեր, մեր թիկունքին փնտռեցէք հայկականութիւն, մեր խնդիրները լուծելու պատրաստակամ ուժ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.