Սպիտակ տունը շեշտեց, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներու Դանիոյ եւ Կրինլանտի ներկայացուցիչներուն հետ ժողովը արդիւնաւէտ էր, եւ զգուշացուց, թէ եւրոպական ուժերու Կրինլանտ ուղարկումը պիտի չազդէ շրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին վրայ:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, որ Եւրոպայի ուժերը պիտի ազդեն նախագահին մօտ որոշումի մշակման հոլովոյթին վրայ, անոնք բացարձակապէս չեն ազդեր Կրինլանտը ձեռք ձգելու անոր նպատակին վրայ»:
Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Կրինլանտի շուրջ «խորքային» տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:
Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն տակաւին կ՛ուզէ Դանիոյ պատկանող եւ ինքնավարութիւն վայելող շրջանը առնել իր տիրապետութեան տակ:
Մինչ երկու երկիրները Ուաշինկթընի մէջ իրենց պաշտօնատարներու հանդիպումին ընթացքին խօսեցան աշխատանքային խմբակ ստեղծելու մասին, Դանիոյ վարչապետը նշեց. «Ատիկա ոչինչ կը փոխէ խորքային տարակարծութեան գոյութենէն, որովհետեւ Կրինլանտին տիրելու ամերիկեան ախորժակը կը մնայ անփոփոխ»:
«Ասիկա անշուշտ վտանգաւոր հարց է, եւ մենք կը շարունակենք մեր ջանքերը այս բեմագրութեան իրականութեան վերածուիլը կանխարգիլելու համար», աւելցուց Ֆրետերիքսեն:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներէն, Դանիայէն եւ Կրինլանտէն պաշտօնատարներ 14 յունուարին Սպիտակ տան մէջ գումարեցին ժողով մը, որ աւարտեցաւ Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ «խորքային» որակուած տարակարծութեամբ:
Դանիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ կղզիին Միացեալ Նահանգներու կողմէ գրաւումը արդարացնող պատճառ գոյութիւն չունի:


