Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Դժգոհ Ենք, Որ Պիելոռուսիան Ազրպէյճանին Զէնք Կը Վաճառէ»

July 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիելոռուսական «Եւրոռատիօ» լրատուամիջոցին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Պիելոռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին վաճառուող զէնքի նիւթին:

Փաշինեանի համաձայն, Պիելոռուսիոյ կողմէ «Փոլոնեզ» զինատեսակի վաճառքը Ազրպէյճանին լարուածութիւն կը մտցնէ Մինսքի ու Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ:

«Մեզ կ՛անհանգստացնէ Պիելոռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը, ատիկա խնդիր պիտի դառնայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ես այդ մասին ըսած եմ Պիելոռուսիոյ նախագահ Լուքաշենքոյին հետ զրոյցի մը ընթացքին: Այս խնդիրը կը սրի մանաւանդ այն պատճառով, որ Հայաստանն ու Պիելոռուսիան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ են, ռազմաքաղաքական գործընկերներ: Հայաստանի քաղաքացիները դժգոհ են, որ Պիելոռուսիան Ազրպէյճանին զէնք կը վաճառէ», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետ Փաշինեան աւելցուցած է, որ իրենց խնդիրը չէ Լուքաշենքոյին ինչ որ բանով համոզելը: Հայաստանը ներկայացուցած է իր տեսակէտը այդ հարցին առնչութեամբ` յոյս ունենալով, որ Պիելոռուսիան յարգէ Հայաստանի շահերը:

ԵԱՀԿ-ն Պատրաստ Է Օժանդակելու Հայաստանի Հանրապետութեան
Կառավարութեան Հակափտածութեան Բարեփոխումներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի` փտածութեան դէմ պայքարի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Փաոլա Սեւերինոն: Վարչապետը կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը տարբեր հարթութիւններու վրայ, ներառեալ` հակափտածութեան բնագաւառը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ փտածութեան դէմ պայքարը կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է, եւ այդ ուղղութեամբ գործադիրը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը: Միաժամանակ, վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանը այս մարզին մէջ անհրաժեշտ կը նկատէ միջազգային գործընկերներու հետ փորձի փոխանակումն ու անոնց կողմէ օժանդակութիւնը:

Փաոլա Սեւերինոն ողջունած է փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումները եւ համոզմունք յայտնած, որ անոնք  արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ն պատրաստ է աշխուժ համագործակցութեան Հայաստանի կառավարութեան, այդ կարգին արդարադատութեան նախարարութեան հետ` հակափտածութեան բնագաւառին մէջ բարեփոխումներու իրականացման  օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

Զրուցակիցները համոզմունք յայտնած են, որ նախատեսուող բարեփոխումները պիտի նպաստեն փտածութեան վտանգի նուազեցման, ինչ որ իր կարգին կրնայ խթան հանդիսանալ գործարարական միջավայրի բարելաւման ու արտաքին ներդրումներու ներգրաւման:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Կացութիւնը

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Կուտակայինի Հարցով Մենք Պահանջատէր Ենք»

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.