Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար, Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

July 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը լրագրողներու հետ: Լրագրողներէն մէկը նշեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդներու  քարտուղարներու հանդիպումէն պարզ դարձաւ, որ Ռուսիան կը փորձէ վերակենդանացնել Լաւրովեան ծրագիրը եւ Հայաստանին պատերազմով կը սպառնայ:

Ի պատասխան` վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ համաձայն չէ լրագրողի գնահատականին, քանի որ պատերազմի վերսկսման վտանգը միշտ առկայ եղած է, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այդպիսի զարգացումներու:

«Կը կարծեմ` բոլորս ալ կը հասկնանք, որ Ռուսիան` իբրեւ գերտէրութիւն, կարելիութիւնը ունի թոյլ չտալու պատերազմի վերսկսումը մեր շրջանին մէջ: Ես չեմ կրնար հաւատալ, որ Հայաստանի ռազմավարական գործընկեր եւ բարեկամ Ռուսիան իր լծակները պիտի չօգտագործէ  շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը թոյլ չտալու համար: Այսինքն` համոզուած եմ, ու բոլորս գիտենք, որ Ռուսիան կրնայ  թոյլ չտալ պատերազմ, հետեւաբար` չեմ կրնար հաւատալ, որ Ռուսիան պիտի չօգտագործէ իր լծակները` Ազրպէյճանին սադրանքէ ետ պահելու համար», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմի մեղադրանքներուն, թէ Հայաստանի կողմէ սադրանք է ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցիլը, եւ ինչպէ՞ս Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակից Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ կը հաստատէ, վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ յստակ յայտարարած է` Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ շրջադարձներ տեղի պիտի չունենան:

«Այսօր որեւէ ձեւակերպումի մասնակցութիւն չենք ունեցած, որ  աննախադէպ ըլլայ մեր արտաքին քաղաքականութեան համար: Սերժ Սարգսեանը երկու կամ թերեւս աւելի անգամ մասնակցած է ՕԹԱՆ-ի այս նոյն ժողովին: Հիմա ալ մենք մասնակցած ենք ոչ թէ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, այլ Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի խաղաղապահ գործունէութիւն իրականացնող երկիրներու համաժողովներուն», ըսաւ  վարչապետը:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան, ապա վարչապետ Փաշինեան  յայտարարեց. «Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ մինչեւ թաւշեայ  յեղափոխութիւնը ունեցած է յարաբերութիւններ, ստորագրած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը, որ մինչեւ յեղափոխութիւնը վաւերացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհդարանին կողմէ: Մենք մեր միջազգային պարտաւորութիւնները պիտի կատարենք»:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով երկիրը յուզող այլ հարցերու, վարչապետը ըսաւ,  թէ իրենց համար կարեւոր է փոփոխութիւններու այս շրջանին  ապահովել համակարգերու կայունութիւնը: «Եթէ տեսաք` ոստիկանութեան մէջ տրամաթիք քատրային փոփոխութիւններ չեղան: Մենք հարկային եւ մաքսային, քննչական համակարգերուն մէջ  յեղափոխական փոփոխութիւններ չկատարեցինք, որպէսզի համակարգերու կայունութիւնը ապահովենք: Մեծ հաշուով` Հայաստանի մէջ քաղաքական յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է, բայց քատրային յեղափոխութիւն տակաւին չէ եղած: Մենք անխուսափելիօրէն պիտի հասնինք քատրային յեղափոխութեան էջին», ըսաւ վարչապետ  Փաշինեան:

 

 

Նախորդը

«ՀՅԴ-ի Նպատակը Արտահերթ Ընտրութիւնները Ձգձգելը Չէ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Հաշիշի Մշակման Օրինականացման Շուրջ. Զգո՛յշ, Չիյնանք Թակարդին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.