Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Հայաստանին Տրամադրած Է Վարկային Համաձայնագիրով Նախատեսուած Սպառազինութիւնը

July 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան ամբողջութեամբ Հայաստանին տրամադրած է 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրներով նախատեսուած սպառազինութիւնը: Այս մասին 22 յուլիսին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան  նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«200 միլիոն տոլարի դիմաց տրամադրած զէնք-զինամթերքը  ժամանակակից,  արդիական, նոյնիսկ Ռուսիոյ  սպառազինութեան մէջ  չգտնուող սպառազինութիւն է», ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան:

2015-ին Ռուսիան եւ Հայաստանը վաւերացուցած են վարկային համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ Ռուսիան Հայաստանին ժամանակակից սպառազինութիւն կը մատակարարէ:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելած Է
Հանրապետութեան Հարաւարեւմտեան Սահմանագօտի

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 21 յուլիսին այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւմտեան սահմանագօտի, շրջած մարտական յենակէտեր, զրուցած դիրքապահ անձնակազմին հետ: Այնուհետեւ նախարար Տօնոյեան զօրամասի ղեկավար կազմին հետ քննարկած է առաջնագիծը վերազինելու հոլովոյթի շարունակականութեան վերաբերող հարցեր եւ տուած  յանձնարարականներ:

Պաշտպանութեան նախարարը մարտական հերթապահութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն գրաւած խումբ մը զինուորներու խրախուսական նուէրներ յանձնած է:

Հարաւային զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է սահմանային իրավիճակի, առաջնագիծը արհեստագիտական եւ ճարտարապետական նոր լուծումներով օժտելու եւ անհրաժեշտ սարքերով համալրելու հետ կապուած շարք մը հարցերու:

Այցելութեան ընթացքին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եղած է նաեւ Մեղրի համայնք, ուր աւարտին կը մօտենայ սպայական շէնքերու  շինարարութիւնը: Նախարարը շրջած է նորակառոյց շինութիւններուն մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, համապատասխան ծառայութիւններու  ղեկավարներուն հետ քննարկած է սպաներու բնակաւորման հարցերը: Մեղրիի մէջ կառուցուող սպայական շէնքերը շահագործման պիտի յանձնուին օգոստոս 2018-ին:

 

Նախորդը

Ալիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Մաքրոն Խոստացած Է Ամէն Ինչ Ընել Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի` Բանակցային Եղանակով Լուծման Համար

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կեդրոնական Անձնակազմի Ղեկավար Կազմին Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.