Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Երկխօսութիւններու Մեկնարկը Տրուած Է. ՀՀԿ-ն Դէմ Է Շուտափոյթ Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններ Կազմակերպելուն

Հոկտեմբեր 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Մարիոթ» սրճարանին մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանին միջեւ: Վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու, պիտի սկսի քաղաքական հանդիպումներու ու երկխօսութեան` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նիւթով:

Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ  Փաշինեան ըսաւ, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու նիւթով ասիկա առաջին հանդիպումն էր, եւ միայն մէկ հանդիպումով որոշումներ, բնականաբար, պիտի չտրուին: Ան նշեց, որ հանրապետականներու հրապարակային յայտարարութիւնները, թէ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները պէտք է ըլլան  2022-ին, ոչ կառուցողական մօտեցում են:

«Մենք միտքեր փոխանակեցինք նիւթին վերաբերեալ եւ  պայմանաւորուեցանք բանակցային գործընթացի սկսելու», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Իսկ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ տակաւին կանուխ է որեւէ յստակ բան ըսել արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման մասին, քանի որ վարչապետը պէտք է քննարկումներ ունենայ նաեւ այլ քաղաքական ուժերու հետ, իսկ քննարկումները պիտի ըլլան շարունակական: «ՀՀԿ-ն պիտի ընթանայ սահմանադրական ճամբով: Մենք պէտք է ունենանք այնպիսի խորհրդարան, ուր ըլլայ իրական ընդդիմութիւն, իսկ անոր համար ժամանակ պէտք է, որ քաղաքական ուժերը նախապատրաստուելու առիթ ունենան», ըսած է Բաղդասարեան:

Նախորդը

Հաճիեւ. «Ալիեւ-Փաշինեան Հանդիպումը Կը Վկայէ, Որ Բանակցութիւններու Ձեւաչափը Անփոփոխ Է»

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?