Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբարձումեան. «Ոստիկանութիւնը Պէտք Է Դուրս Բերուի Վարչապետի Ուղղակի Ենթակայութենէն»

Հոկտեմբեր 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հապճեպ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու երթալու հոլովոյթը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ քաղաքական մենիշխանութեան հաստատման, ինչէն տարիներ շարունակ կը բողոքէինք, բայց, կարծես թէ, բողոքելով հանդերձ փորձ կը կատարուի  շարունակելու նոյն սխալ ընթացքով յառաջ երթալ», «Փոլիթիք»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:

Անոր համաձայն, Փաշինեանի շտապողականութիւնը բաւարար չափով փաստարկուած չէ. «Կազմուած է կառավարական գործունէութեան ծրագիր, որուն, ըստ էութեան, կողմ քուէարկած են բոլոր քաղաքական ուժերը: Այդ ծրագիրին մէջ յստակօրէն ամրագրուած է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտութիւն են եւ պէտք է տեղի ունենան մէկ տարուան ընթացքին»:

Արսէն Համբարձումեան նշած է, որ կառավարման գործունէութեան ծրագիրի որոշուած դրոյթները կեանքի չեն կոչուած եւ պայմանաւորուածութիւնները խախտուած են այն քաղաքական ուժին կողմէ, որ կը պնդէ, թէ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է աւելի կանուխ տեղի ունենան:

Ըստ Համբարձումեանի, որոշուած է, որ մինչեւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը անհրաժեշտ է բարեփոխումներու ենթարկել Ընտրական օրէնսգիրքը, եւ ապահովել ազատ, արդար եւ մրցակցային ընտրութիւններ: Այս հարցերով պէտք է զբաղէր Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու յանձնախումբը:

«Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու յանձնախումբը դանդաղ  կ՛աշխատի, հարցումը` ինչու՞: Այս պահուն վերջնական ձեւին մէջ կայ միայն Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու հայեցակարգը, իսկ նախագիծէն` ոչ մէկ նորութիւն»:

Արսէն Համբարձումեանի համաձայն, նոյն կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին մէջ ամրագրուած էր, որ պէտք է փոփոխութիւն կատարել ոստիկանութեան կարգավիճակին մէջ.

«Ոստիկանութիւնը որոշակի լիազօրութիւններ ունի ընտրական հոլովոյթին մէջ, եւ գերվարչապետական համակարգը, որ ժամանակին քննադատութեան առարկայ կը նկատուէր, պէտք է բարեփոխման ենթարկուի, եւ ոստիկանութիւնը դուրս բերուի վարչապետի ուղղակի ենթակայութենէն, ինչ որ նոյնպէս չէ կատարուած»:

Համբարձումեան ըսած է, թէ տակաւին կատարուելիք աշխատանքներ կան մրցակցային ընտրութիւններ ունենալու համար:

«Քաղաքական ուժերէն որեւէ մէկը չի քննարկեր արտակարգ ընտրութիւններու կազմակերպման հարցը, կը քննարկուի միայն անոնց կազմակերպման ժամանակը:

«Բոլոր քաղաքական ուժերը, անկախ անկէ, թէ խորհրդարանին մէջ  ներկայացուա՞ծ են, կամ` ոչ, պէտք է բաւարար ժամանակ ունենան ընտրական հոլովոյթին մասնակցելու համար», ընդգծած է Համբարձումեան:

Արսէն Համբարձումեան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման  յստակ ժամկէտ չի նշեր` ըսելով, որ անոնք պէտք է ըլլան մէկ տարուան ընթացքին այն ժամանակ, երբ վերը թուարկուած բարեփոխումները կատարուին. «Մեր գնահատումով` իմ թուարկած քայլերն ու գործողութիւնները մինչեւ դեկտեմբեր կարելի չէ իրագործել»:

 

 

Նախորդը

Տիգրան Բալայեանը Երկու Նոր Պաշտօն Ստացաւ

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանին Շնորհուեցաւ Համաշխարհային Պետական Գործիչի Մրցանակը «Կը Հաւատամ, Որ 21-րդ Դարը Հայաստանի Դարն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?