Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 1 հոկտեմբերին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, արծարծուած են ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր: