Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «90- ականներուն Ալ Տեսած Ենք 90 Առ Հարիւրնոց Իշխանութիւններ Եւ Տեսած Ենք, Թէ Ինչպէ՛ս Քանդուած Են»

Հոկտեմբեր 4, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` ՀՅԴ նախարարները իրենց պաշտօններէն ազատ կացուցելու հրամանը ստորագրուած է այն բանէն ետք, երբ Դաշնակցութիւնը արդէն ետ կանչած էր իր նախարարները: Այս մասին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Այս հարցին հետ կապուած պէտք չէ ցուցադրութիւններ կատարել: Մենք ետ կանչած ենք  կառավարութեան մեր անդամները, անկէ ետք եղած են  համապատասխան հրահանգները», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին մէջ  աղմկայարոյց փոփոխութեան»` Ռուստամեան նշեց, որ փոփոխութիւնները չէ կատարուած արտահերթ ընտրութիւնը կանխելու համար: Ըստ պատգամաւորին, ատիկա թիւրըմբռնում է: «Փաստուեցաւ, որ ճիշդ ըրած ենք, որ երէկ ընդունած ենք այդ օրէնքը: Եթէ մեր 7 պատգամաւորներէն 4-ի աշխատանքին խոչընդոտած են, խոչընդոտած են հայհոյանքներով, անպատիւ խօսքերով, անոր բնական պիտի չվերաբերիմ: Կը խօսինք սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութեան մասին, բայց սիրոյ ու համերաշխութեան բան չէ մնացած», ըսաւ ան:

Այդ օրէնքը, ըստ Ռուստամեանի, այն բանի համար է, որ Ազգային ժողովը լուծարուի այնպէս, ինչպէս Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ: «Եթէ այսպէս չընթանանք, կ՛ըլլայ ուժի իրաւունքով լուծարում, ասկէ մենք զերծ պահեցինք», ըսաւ ան:

Ռուստամեան նշեց, որ կտրականապէս կը մերժէ այն թէզը, որ վարչապետը նետած է հրապարակ, թէ ատիկա ժողովուրդին դէմ պատերազմ յայտարարել էր: «Եթէ սահմանադրական ճամբով խորհրդարանը լուծարելու հոլովոյթը ժողովուրդին դէմ պատերազմ յայտարարել է, ուրեմն մենք չենք հասկնար` ինչի մասին կը խօսինք: Եթէ որեւէ մէկուն մտքէն անցնի որեւէ բան ըսել վարչապետի ըսածէն դուրս, կը դառնայ հակայեղափոխական, սեւ ուժ: Մենք այսպէս ո՞ւր կ՛երթանք  ընտրութիւններու, այս ձեւով Ազգային ժողովը որո՞ւ պէտքն է», ընդգծեց ան եւ շարունակեց, որ այս պարագային մէկ տարի ետք կրնայ դրուիլ  Ազգային ժողովի օրինականութեան հարցը, ինչպէս որ հիմա կը կատարուի:

«Այսօր մեզի կ՛ըսեն, թէ Ազգային ժողովը չի ներկայացներ ժողովուրդը: Մենք կ՛ըսենք, որ կը ներկայացնենք մեզի ձայն տուած 103 հազար քաղաքացիները: ՀՅԴ-ն ոչ մէկ ձայն դրամով գնած է, թող բերեն դէպք մը, որ Դաշնակցութիւնը դրամով թէկուզ մէկ ձայն առած է, այդպիսի դէպք չկայ: Ուրեմն ես օրինական իրաւունք ունիմ խօսելու 103 հազարին անունով», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ կեղծ թէզ է, որ կ՛ըսեն` դուք ոչ մէկը կը ներկայացնէք: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ ժողովուրդի տրամադրութիւնները նոյնը չեն մնար: «Եթէ այդպէս է` թող կարգ մտցնեն, եւ վեց ամիսը մէկ փաստենք` ով որքան ձայն ունի: Տեսնենք` մէկ տարի ետք իրենք այդ 80 առ հարիւր ձայները կրնա՞ն փաստել: Երբ, քաղաքական շահէ մեկնելով, խնդիր լուծուած է երկրին մէջ, տեսած ենք, թէ ատիկա ինչպէս փլած է. 90-ականներուն տեսած ենք 90 առ հարիւրնոց իշխանութիւններ եւ տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս քանդուած են», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Սպասելով Հայաստանեան Զարգացումներուն` Ազրպէյճանական Զօրքին 20 Հազարնոց Խմբաւորման Շուրջ Մէկ Երրորդը Չէ Վերադարձած Թիկունք` Մնալով Շփման Գիծին Մօտ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?