Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն առանց դաշինքի պիտի մասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն: «Ինչպէս գիտէք` տեղի ունեցած է Գերագոյն ժողով, ուր որոշուած է, որ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի այս ընտրութիւններուն: Մենք ունինք մեր ըսելիքը, մտահոգութիւնները: Կը տեսնենք որոշակի վտանգներ ներկայ փուլին, եւ այդ առումով, որպէս ընդդիմութիւն, պիտի մասնակցինք ու ներկայացնենք ժողովուրդին մեր մօտեցումներն ու ըսելիքները: Վստահ եմ, որ, անկախ արդիւնքներէն, ասիկա պիտի ըլլայ ուղղորդիչ երկրին համար, ասիկա պիտի ըլլայ ահազանգ բոլոր անոնց, որոնք չեն տեսներ այն վտանգները, որոնք յառաջացած են այս փուլին: Ատիկա պիտի ըլլայ կոչ բոլորին, որ տեսնեն` ազգային պետական շահերէն բխող ուղղութիւնն ու գործընթացը ի՛նչ պիտի ըլլայ, եւ մենք ասիկա պիտի ընենք մեր ամբողջ խումբով», ըսաւ ան:
Ըստ Ռուստամեանին, ճիշդը այն է, որ ՀՅԴ-ն առանձին մասնակցի ընտրութիւններուն: «Միշտ այդպէս եղած է, Դաշնակցութիւնը առանձին մասնակցած է ընտրութիւններուն: Դաշնակցութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ ունի իր առանձնայատկութիւնները, եւ ունենալով այդ առանձնայատկութիւնները` մենք կը գերադասենք այս անգամ ալ առանձին մասնակցիլ ընտրութիւններուն», եզրափակեց ան:
«Մէկ կողմէ կը յայտարարեն, որ չենք միջամտեր դատական գործերուն, քննութեան, բայց վարչապետը լաւ տեղեկացուած էր», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով հարցին տարօրինակ չէ՞, որ մինչեւ իրաւապահներու յայտարարութիւնը առաջինը վարչապետն է պատգամաւորի նկատմամբ քրէական գործի յարուցման մասին խօսողը եւ ասիկա այն պարագային, երբ ան կը յայտարարէր, թէ պիտի չմիջամտէ իրաւապահներուն գործին:
Արմէն Ռուստամեան բացառեց, որ պատգամաւորը, որուն մասին կը խօսուի, թէ յառաջիկային պիտի ձերբակալուի կաշառքի գործով, Դաշնակցութիւն խմբակցութենէն ըլլայ:
Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեանի այն յայտարարութեան, թէ` «ՀՅԴ-ն ՀՀԿ-ին հետ ինչ որ բան կը կատարէ»: Ան ընդգծեց, որ եթէ իրենք ինչ որ բան կ՛ընեն, կ՛ընեն ակնյայտ:
«Եթե մենք բան մը ընէինք, այնպէս պիտի ըլլար, որ ատիկա ակնյայտ ըլլար ո՛չ միայն այդ պատգամաւորին, այլ նաեւ բոլորին համար: Մենք այլ գաղտնի գործընթացներ չենք ըրած ու պիտի չընենք, մեր քաղաքական ուժի կեդրոն է ատիկա», ըսաւ Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեան կը կարծէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութիւնը շրջան կարեւոր է ու հեռահար նպատակներ ունի:
Անդրադառնալով` Պոլթընի յայտարարութեան-առաջարկին, որ Միացեալ Նահանգներու զէնքը աւելի լաւ է, եւ ճիշդ կ՛ըլլայ, որ Հայաստանը սկսի դիտարկել Միացեալ Նահանգներէն զէնք գնելու կարելիութիւնը, պատգամաւորը նշեց, որ իրենք միշտ յայտարարած են, թէ Հայաստանի համար արտաքին ճիշդ քաղաքականութիւնը այն է, որ անիկա հասկնալի ըլլայ բոլորին, յատկապէս` գերտէրութիւններուն մօտ:
«Յստակ ըլլայ, որ Հայաստանը նոյն դէմքով եւ նոյն տեսակէտով հանդէս կու գայ` թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Պրիւքսէլի, եւ թէ Ուաշինկթընի մէջ: Այս օրերուն համար ատիկա գործնական կը դառնայ: Մենք բոլորին պէտք է ցոյց տանք, որ մեր յարաբերութիւնները դէմ չեն ոեւէ մէկուն, անոնք մեր կենսական շահերէն կը բխին», ըսաւ Ռուստամեան: Ինչ կը վերաբերի զէնքին, Ռուստամեան նշեց, որ բազմիցս ըսած է, թէ միջնորդ կողմերը կա՛մ պէտք է ընդհանրապէս զէնք չտրամադրեն ոեւէ մէկուն, կամ տրամադրեն այնպէս, որ հաւասարակշռութիւնը չխախտի:
Ռուստամեան նշեց, որ իրենց համար մտահոգողը այն է, որ այդ այցելութեան ընթացքին Պաքուի մէջ խնդիր բարձրացուած է, որ արգիլուի Հայ դատի գրասենեակներու կողմէ մշակած 907-րդ բանաձեւը:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան կը պնդէ` Ռուսիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական յարաբերութիւնները այսօր այլընտրանք չունին:
Ան ընդգծեց, որ Ռուսիոյ դերը Հայաստանի մէջ չէ նուազած, ինչ որ շատ լաւ կը հասկնայ նաեւ Պոլթընը:
«Ան կը հասկնայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ռուսիա այնպիսի կապեր կան, որ այդ յարաբերութիւնները չեն կրնար փոխուիլ: Կան կենսական յարաբերութիւններէ բխող հարցեր, որոնց մէջ Ռուսիան անփոխարինելի է», ըսաւ ան:



