Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ես Նախ Եւ Առաջ Էրտողանին Կ՛ըսէի` Բարի Լոյս, Պարո՛ն Նախագահ, Կը Կարծեմ` Մենք Միասին Քննարկելու Հարց Ունինք»

October 25, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զուիցերիոյ  հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը («Ռ.Թէ.Էս.») հատուածներ հրապարակած է  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյցէն: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը:

11 նոյեմբերի արարողութիւններուն ընդառաջ, երբ բազմաթիւ երկիրներու մէջ պիտի նշուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին 100-ամեակը, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ այդ իրադարձութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ «ճանչնալու» կամ «յիշելու 1915-1916 թուականներուն հայերուն ենթարկուած Ցեղասպանութիւնը»: «Ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խօսիլ Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասին` առանց անդրադառնալու այն ողբերգութեան, որ տեղի ունեցած է շուրջ 105 տարի առաջ եւ առանց խօսելու Ցեղասպանութեան մասին: Երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ճանաչումը կամ կոչը բարձր պիտի գնահատուի իմ կողմէս, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին կողմէ», «Ռ.Թէ.Էս.»-ին ըսած է Արմէն Սարգսեան:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս ողբերգութեան մը ճանաչում չէ, որ կը վերաբերի մէկ ժողովուրդի: Նախ եւ առաջ անիկա 20-րդ դարու առաջին, ամէնէն մեծ ցեղասպանութիւնն է: Քանի որ ան չկանխուեցաւ, ճանաչում ու դատապարտում չունեցաւ, հետագային եւս 20-րդ դարուն ցեղասպանութիւնները կրկնուեցան», շարունակած է նախագահը:

Ուղերձ` Էրտողանին. «Ներումը Կու Գայ Ճանաչումէն Ետք»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանին իր ուղերձին վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան` Արմէն Սարգսեան ըսած է, թէ պատրաստ է երկխօսութեան եւ յղում ըրած է իր քրիստոնէական համոզումներուն: Ան չէ բացառած, որ օր մը ներում պիտի ըլլայ, սակայն «ներումը կու գայ ճանաչումէն ետք»: Անոր համոզումով` այդ ճանաչումը պատմական աւելի լայն ընդգրկում պիտի ունենայ, քանի որ Հայոց ցեղասպանութիւնը «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»:

«Ես նախ եւ առաջ կ՛ըսէի Էրտողանին. «Բարի լոյս, պարո՛ն նախագահ: Կը կարծեմ` մենք միասին քննարկելու հարց ունինք: Դուն Թուրքիոյ նախագահն ես, իսկ ես` Հայաստանի: Իմ ընտանիքս, իմ նախնիներս Էրզրումէն, Վանէն ու Պիթլիսէն են: Իմ հին ընտանիքս պատմութիւն ունի: Ինչո՞ւ չխօսինք Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին, ինչո՞ւ չխօսինք մեր անձնական պատմութիւններուն մասին: Մենք պէտք է խօսինք ո՛չ միայն պատմութեան, այլ նաեւ ապագայի մասին` քու եւ իմ երեխաներուն, թոռներուն ապագային, մեր երկու ժողովուրդներուն մասին»: Ես քրիստոնեայ եմ: Քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ, որ միշտ կայ ներելու առիթ, սակայն ներողամտութիւնը կրնայ յաջորդել միայն ճանաչումին», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

«Մէկ Տարի Ետք Փարիզի Մէջ Մեծ Համերգ` Նուիրուած Ազնաւուրին»

Հայաստանի նախագահը յայտնած է, որ պայմանաւորուած է Էմմանուէլ Մաքրոնին հետ կազմակերպել բարեսիրական մեծ համերգ` Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին` հոկտեմբեր 2019-ին: «Բազմաթիւ երգիչներ եւ դերասաններ պիտի մասնակցին», կ՛ըսէ ան` յիշելով, որ Էմմանուէլ եւ Պրիճիթ Մաքրոններու հետ Երեւանի մէջ Ազնաւուր երգած են: «Ես եւ Էմմանուէլ Մաքրոնը մեր տիկիններուն հետ այցելեցինք Շարլ Ազնաւուրի թանգարան եւ կեցավայր:  Ես առաջարկեցի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին մէկ տարուան ընթացքին կազմակերպել բարեսիրական մեծ համերգ Փարիզի մէջ` ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրին: Յոյսով եմ, որ այդ համերգը պիտի ըլլայ հոկտեմբեր 2019-ին: Անիկա պէտք է ըլլայ բարեսիրական, որուն պիտի հրաւիրուին աշխարհահռչակ դերասաններ, երգիչներ: Ես խօսած եմ խումբ մը ընկերներուս հետ, որոնք ըսած են, որ իրենց համար մեծ պատիւ պիտի ըլլայ իրենց արուեստը ներկայացնել այդ համերգին»:

Հայաստանի նախագահը «Ռ.Թէ.Էս.»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է նաեւ Հայաստանի ճկունութեան մասին: «Մեր երկիրը երիտասարդ է, ան կը գտնուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Նիկոլ Փաշինեանը Վարչապետ Չընտրեց

Յաջորդը

Թրամփ Ինքզինք Ազգայնական Կը Նկատէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.