Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ճոն Պոլթընը

October 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 25 հոկտեմբերին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի վարչապետի մամլոյ վարչութիւնը, ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան` Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Ուրախ եմ հիւրընկալելով նման բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն, ինչ որ պատմական է Հայաստանի համար: Շատ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու հետ ունենալ բարձր մակարդակի կապեր, եւ մեր կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ հայ-ամերիկեան աշխուժ երկխօսութիւնն ու սերտ փոխգործակցութիւնը»: Վարչապետի պաշտօնակատարը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ նշած, որ այժմ մեր երկիրը կ՛ապրի պատմական ժամանակաշրջան: «Սիրոյ եւ համերաշխութեան ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցող գործընթացները հիմնուած են բացառապէս ժողովրդավարական արժէքներու վրայ: Այժմ մենք կ՛աշխատինք ստեղծելու եւ ամրապնդելու  կայուն ու հաստատութենական ժողովրդավարական պետութիւն», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` կարեւոր նկատելով մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը, թափանցիկ կառավարման համակարգի, անկախ դատական համակարգի ամրապնդումը` միջազգային գործընկերներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք: Ան շեշտած է, որ Հայաստան հաստատակամ յառաջ կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան զարգացման ճամբով, որ մեր հասարակութեան համար ներքին համոզում է եւ արժէք:

Ճոն Պոլթըն շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջերմ ողջոյնները: Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը նշած է, որ Հայաստանի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ժամանակաշրջանին իրենք կարեւոր կը նկատեն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը: «Ուրախ եմ ձեզի հետ քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող երկկողմանի ու տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակ: Կը շնորհաւորեմ ձեզ` Հայաստանի մէջ խաղաղ ժողովրդավարական անցումը յաջողութեամբ առաջնորդելու համար: Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին նոր կառավարութեան ջանքերուն` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, դատական համակարգի թափանցիկութեան աստիճանի բարձրացման եւ քաղաքացիներուն առջեւ կառավարութեան հաշուետուողականութեան մեծացման այնպիսի ուղիներու, որոնք կը յանգեցնեն ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ շրջանային կայունութեան ամրապնդման», ըսած է Պոլթըն:

Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Անոնք անդրադարձած են մեր երկիրներու ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, տնտեսութեան, արդարադատութեան համակարգի, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնման եւ կարեւոր համարած են երկկողմանի փոխգործակցութեան նոր թափ հաղորդելուն միտուած հետեւողական քայլերու իրականացումը: Այդ առումով, Փաշինեան եւ Պոլթըն ընդգծած են նման բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականը միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին շուրջ: Երկու կողմերը կարեւոր նկատած են տագնապի  խաղաղ լուծման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ բանակցային գործընթացի համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը:

Կողմերը քննարկած են նաեւ միջազգային եւ յատկապէս շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող շարք մը այլ հարցեր:

 

Նախորդը

Պոլթըն. «Պատրաստ Ենք Աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման»

Յաջորդը

Ակնարկ. Պոլթընի Ակնարկած «Ներկայի Հանգամանքներ»-ը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.