Շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 55 պատանիներ տուին դաշնակցականի իրենց խոստումը:
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինի անունով Պետիկ Իզմիրեան ողջունեց պատանիները: «Այսօր հաւաքուած ենք հայոց պետականութեան 100-ամեակը խորհրդանշող յուշարձանին առջեւ կատարելու ձեր խոստման արարողութիւնը», ըսաւ Իզմիրեան եւ աւելցուց. «Ճիշդ է, որ 2018-ն հարիւրամեակն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումին, բայց նաեւ 95-ամեակն է ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան: Բան մը, որ այս պահը աւելի խորհրդաւոր կը դարձնէ, իսկ ձեզի` աւելի յանձնառու ձեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին հանդէպ»:
«Որքան ալ պարզ թուին պատանիի մը պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները, իմացէք, որ այս դարուս այդքան ալ դիւրին չէ դաշնակցական պատանի ըլլալ, այսինքն` տիպար պատանի ըլլալ ձեր շրջանակին եւ այսօրուան ընկերութեան մէջ:
«Այսօրուան խոստումը վաղուան ձեր երդումն է: Ուրեմն հիմակուընէ ձեզմէ կը պահանջուի ըլլալ տիպար` ձեր խօսքին եւ գործին մէջ, ըլլալ կարգապահ, ըլլալ գաղտնապահ, ըլլալ ընկերասէր, մէկ խօսքով` դաշնակցական», շեշտեց Իզմիրեան:
Ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան կնքահօր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեանին, որ իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց խոստման արարողութեան համար ընտրուած վայրին` Անթիլիասի մայրավանքին խորհուրդն ու նշանակութիւնը: Ան ըսաւ, որ քիչ անդին կը գտնուի Եղեռնի նահատակաց յուշարձանը, որ կը ներկայացնէ մեր անցեալը, մեր հաւաքական յիշողութիւնը, մեր մեծ ցաւը: Այստեղ կը գտնուի վերապրումի մեր կամքը արտայայտող Հանրապետութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ յուշարձանը, իսկ երկուքին միջեւ կը գտնուի մեր հաւատքի տունը, որ միայն եկեղեցական կեդրոն մը չէ, այլ ազգային կեդրոն մըն է, որ կը ներկայացնէ՛ մեր եկեղեցին, լեզուն, մշակոյթը, դարաւոր աւանդութիւնները, արժէքները եւ այն բոլորը, որոնք մեր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը կը կազմեն:
Աւագեան ըսաւ, որ այս երեք խորհրդանիշներուն դիմաց կանգնած` «Դուք այսօր եկած էք մկրտուելու Դաշնակցութեան գաղափարական, քաղաքական արժէքներու աւազանին մէջ: Ձեզի տրուելիք դրոշմը պիտի ըլլայ ծառայութեան կոչումը: Ով որ կը մկրտուի, սիրելի՛ ընկերներ եւ ընկերուհիներ, կը դառնայ նոր մարդ, այս խոստումով ձեզի համար պիտի սկսի նոր կեանք մը, որ պիտի աւարտի, պէ՛տք է աւարտի ձեր վերջին շունչին հետ: Այն արժէքները, որոնք ձեզ դաշնակցական պիտի դարձնեն, պիտի ըլլան ազգասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, հնազանդութիւնը, խոնարհութիւնը, ծառայասիրութիւնը, ընկերասիրութիւնը, համեստութիւնը եւ մեր ժողովուրդի պատուին եւ արժանապատուութեան տէր կանգնելու պատրաստակամութիւնը: Դուք պիտի ապրիք այս արժէքներով եւ ձեր կարգին այս արժէքները պիտի ապրեցնէք ձեր շրջապատին մէջ»:
Իր խօսքը շարունակելով, Աւագեան յիշեցուց, որ դաշնակցական ըլլալը դիւրին է, բայց դաշնակցական մնալը դժուար է, որովհետեւ կ՛ենթադրէ անվերջ զոհողութիւն մինչեւ կեանքի վերջ, զոհողութիւն ամէն բանի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ այս խոստումով պատանիները պիտի դառնան հայութեան եւ Հայաստանին անկեղծ զինուորները, ուխտելով ծառայել երկար ժամանակ: Ծառայութիւնը, սակայն, նշեց Աւագեան, կենթադրէ պատրաստութիւն եւ պատրաստակամութիւն: «Ես կասկած չունիմ որ բոլորդ պատրաստակամ էք ծառայելու, բայց պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ մտային, ֆիզիքական եւ հոգեկան պատրաստութիւն, դուք պէտք է երկար ժամանակ աշխատիք դուք ձեր վրայ, ծանօթանաք մեր գրականութեան, կարդաք յեղափոխական մեր պատմութիւնը, ծանօթանաք մեր արժէքներուն, որպէսզի գաղափարական դաստիարակութիւն ստանաք, կուսակցական կրթութիւն եւ ազգային կազմաւորում ունենաք, շեշտեց Աւագեան։
Ապա, օրուան կնքահայրը ըսաւ. «Այսօրուան Հայաստանը մեր բոլոր երազներու Հայաստանը չէ, տակաւին Հայաստանը քաղաքականապէս կայուն չէ, տնտեսապէս հզօր չէ, սահմանները ապահով չեն, բանակը հզօր չէ, ժողովուրդը բարօր չէ, Արցախը միացած չէ, տակաւին հողեր ունինք բռնագրաւեալ: Մեր բոլոր երազները իրականացնելու համար մենք պիտի շարունակենք կուսակցութեան յարատեւ կռիւը, որուն նորագոյն զինուորեալները պիտի ըլլան խոստում տուող պատանիները:
Իր պատգամէն ետք, Վիգէն Աւագեան ընդունեց նորագիր պատանիներու Դաշնակցականի խոստումը եւ զանոնք կոչեց «Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի սերունդ»: Ապա պատանիները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ներկայ գտնուեցան կիրակմուտքի ժամերգութեան:



