Համազգայինի 90-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Հայաստանի Մէջ
Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը 9 սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին, հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` ներկայութեամբ պետական նախարարներու, նախարարներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու: Թատրոնի նախասրահին մէջ ցուցադրուած էին Համազգայինի հրատարակչական, գրական, մանկավարժական եւ տարբեր բնոյթի գործունէութիւնը մարմնաւորող նմուշներ: Այս առիթով խօսք առին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ...




















