ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ «Մեթնի պետական վարժարաններու բարեկամներ» միութեան նախագահ Ռաղիտա Գէորգեան-Եաշուի եւ միութեան խորհրդատու Ապտօ Եամինի, շրջեցաւ Պուրճ Համուտի եւ Սին էլ Ֆիլի պետական շարք մը վարժարաններ եւ իրազեկ դարձաւ վարժարաններուն իրավիճակին, լսեցին ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն պահանջները:
Երեսփոխան Բագրատունի կեդրոնացաւ կարգ մը վարժարաններու ենթակառոյցներու անբաւարարութեան վրայ եւ հարց տուաւ փոքր եւ տարածքով աննպաստ վարժարաններուն` աւելի նպաստաւոր եւ լայն տարածութիւն ունեցող վարժարաններուն չմիանալուն պատճառին մասին` յայտնելով, որ լաւ դրութիւններ ունեցող վարժարանները կը նպաստեն թէ՛ աշակերտին կազմաւորման եւ թէ՛ ուսուցիչին աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կը խնայեն պետական պիւտճէն:
«Աշխատանք պիտի տանիմ պետական բարձրորակ, շրջանի բնակիչներուն վայել վարժարաններ ունենալու ուղղութեամբ, եւ այդ մէկը պիտի ըլլայ երեսփոխանական կրթական յանձնախումբին կամ որեւէ պատասխանատու մարմինի հետ գործակցելու միջոցով», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի ու աւելցուց, որ երեսփոխաններն ու նախարարները պիտի հրաւիրէ այցելութիւններ կատարելու պետական վարժարանները, որպէսզի գետնի վրայ տեսնեն կացութիւնը եւ ոչ թէ գրասեղաններու ետին նստելով:
Երեսփոխանն ու միութիւնը սոյն հարցերը պիտի բարձրացնեն 8 դեկտեմբերին կայանալիք կրթական խորհրդաժողովին: Երեսփոխան Բագրատունին աւելցուց, որ ինք տնօրէններուն պահանջները պիտի հետապնդէ եւ ջանք պիտի չխնայէ հոգալու դպրոցին, ուսուցչական կազմին, աշակերտներուն եւ ծնողները կարիքները` ինչ կը վերաբերի որակաւոր կրթութիւն ստանալուն:



