Չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2018-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ: Այս առիթով, նախագահը անգամ մը եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնները ուղղեց վեհափառ հայրապետին` անոր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով:
Սոյն հաղորդակցութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին մասին: Վեհափառը անգամ մը եւս շեշտեց սփիւռքի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամուր կապուածութիւնը Արցախի անկախութեան ու անոր ծաղկման բոլոր աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ուղերձ մը յղած էր վեհափառ հայրապետին` անոր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով, որ ընթերցուեցաւ ի պատիւ վեհափառին տրուած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին:



