ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը չի կարծեր, թէ պետական դաւաճանութեան կասկածներու շուրջ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը կը վերաբերի կուսակցութեան անդամներուն: «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ, թէ այս յայտարարութեամբ Փաշինեանը ցոյց կու տայ, որ այլ կարծիքները հիւանդագին կ՛ընդունի:
«Ես չեմ կարծեր, որ Փաշինեանը մեր մասին կը խօսէր, բայց կը զգամ, որ ինչ որ հալածախտի դրսեւորումներ կան, այլ կարծիք հնչեցնելը կը նկատուի նոյնիսկ դաւաճանութիւն: Ասիկա սարսափելի իրավիճակ է, ես չէի ուզեր, որ մեր ներքին մթնոլորտը այդպէս ըլլար, բայց կը զգացուի, որ այլ կարծիք հնչեցնելը արդէն հիւանդագին կ՛ընդունուի, որ շատ զարմացնող է եւ մեզի համար անընդունելի է: Մենք երբեք պիտի չնահանջենք, մենք երբեք պիտի չվախնանք, եթէ նպատակը վախցնելն է: Կը կարծեմ` ինքն ալ գիտէ, որ մեզի այդպիսով չի կրնար վախցնել: Եթէ մարդ կայ, որ յանցագործ է, պէտք է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իրմով զբաղի, կարիք չկայ, որ Նիկոլ Փաշինեանը բեմէն ըսէ` Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իրմով զբաղի», նշեց ան:
Մարգարեանի կարծիքով` այս ամէնը իր վրայ բռնապետի վարքագիծի տպաւորութիւն կը ձգէ:
«Ես կը կարծեմ, որ անոնք բռնապետներու վարքագիծ են, ես չէի ուզեր, որ մեր երկրին մէջ այդպէս ըլլար: Ամօթ է, եկէք հանգիստ ընտրապայքար տանինք, տարբեր տեսակէտներ հնչեցնենք, խաղաղ երթանք ընտրութեան, ընտրութենէն դուրս գանք, յետոյ ամէն ինչ իր տեղը կու գայ», ըսաւ ան:
Հրանդ Մարգարեան նշեց նաեւ, որ ինք չի կրնար ըսել, թէ ճիշդ որո՛ւ ուղղուած էր Փաշինեանին խօսքը:
«Իմ կարծիքով` աւելի սադրիչ է մարդոց ասֆալտին փռելը, պատերուն ծեփելը, պատեպատ տալը, քան տարբեր տեսակէտներ հնչեցնելը: Թերեւս` անոնք սխալ տեսակէտներ են, բայց ըսել, որ դաւաճանութիւն է, ատիկա հիւանդագին մօտեցում է, եթէ աւելի վատ` բռնատիրական մօտեցում չէ», աւելցուց Հրանդ Մարգարեան:
Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ նմանատիպ յայտարարութիւնները իրենց վրայ պիտի չազդեն, իրենք բնական հունով պիտի շարունակեն քարոզարշաւը. «Մենք պիտի չիջնենք իրենց մակարդակին, իրենց նման բաներ պիտի չըսենք, մեր հունէն դուրս պիտի չելլենք, ջղաձգումներ պիտի չունենանք»:
Հրանդ Մարգարեանի կարծիքով` ընտրապայքարը կրնար շատ աւելի լաւ ըլլար, քաղաքակիրթ, կրնային ուժերը իրենց ծրագիրները ներկայացնել, գաղափարական պայքար ընթանար:
«Բոլորը ունէին անհանգստանալու պատճառներ, բացի իշխող ուժէն, բայց այսպէս եղաւ: Փաշինեանը չի կրնար հանդուրժել այլ կարծիք, մենք ժողովրդավարութենէն ետ մնացած ենք: Յոյս ունիմ, որ այս յայտարարութիւնները յայտարարութեան մակարդակի վրայ կը մնան», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:



