Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Երբեք Չենք Քուէարկած Արդարադատութեան Հակառակ»

Դեկտեմբեր 4, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազը պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանը կալանաւորելու համաձայնութիւն տալու միջնորդութիւն ներկայացուցած է Ազգային ժողովին: Ազգային ժողովի նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր:

ՀՅԴ նախընտրական ցուցակը գլխաւորող, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ներկայ պիտի ըլլայ նիստին, հակառակ անոր որ նախապէս կար պայմանաւորուածութիւն, որ այս օրերուն նիստեր պիտի չըլլան:

Ռուստամեանի համաձայն, այս ամէնը նախընտրական տրամադրութիւններու մէջ կատարուող բեմականացում կը յիշեցնէ, քանի որ եթէ քանի մը օր սպասէին, Արամ Յարութիւնեանը այլեւս պատգամաւոր պիտի չըլլար: «Ի զուր կտրել բոլորին, մանաւանդ` կարճ ժամանակ տրուած է բոլոր ուժերուն նախընտրական քարոզչութեան համար, այստեղ տրամաբանութիւն չեմ տեսներ: Կը կարծեմ` շատ սխալ քայլ կատարուած է, քանի որ նպատակի իմաստով անտրամաբանական ու անիմաստ է` օրեր անց Յարութիւնեանը այլեւս պատգամաւոր պիտի չըլլար: Բացի ատկէ, 4 ուժերով մենք ստորագրած էինք համաձայնագիր մը, որ այս օրերուն Ազգային ժողովի նիստերուն պիտի չմասնակցինք: Հիմա բոլոր ուժերն ալ իրաւունք ունին չմասնակցելու կայանալիք նիստին», ըսաւ Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, ամենայն հաւանականութեամբ` վաղը այդ նիստը տեղի պիտի չունենայ: Ռուստամեանի գնահատումով` ասիկա նախընտրական քարոզչութեան մէջ պիտի օգտագործուի, իբրեւ թէ` տեսէք, միւս ուժերը չեն եկած նիստին, քանի որ չեն ուզեր փտածութեան դէմ պայքար մղուի կամ կալանաւորուին մարդիկ, որոնք հետապնդումներու տակ են: Ռուստամեան պարզաբանեց, որ որպէսզի նման շահարկումներու տեղիք չտան, ՀՅԴ պատգամաւորները ներկայ պիտի ըլլան նիստին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դաշնակցական պատգամաւորները ինչպէ՞ս պիտի քուէարկեն` Ռուստամեան ըսաւ, թէ նախ պիտի լսեն փաստերը. «Մենք երբեք չենք քուէարկած արդարադատութեան  հակառակ: Մենք այն կուսակցութիւնը եղած ենք, որ շատոնց կողմ եղած ենք դիմադրողականութեան սահմանափակման եւ միշտ ըսած ենք, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորը պէտք չէ ունենայ անձեռնմխելիութիւն` կապուած այլ գործողութիւններու հետ, եւ միայն իր լիազօրութիւններէն  բխող դաշտին մէջ անիկա պէտք է ըլլայ` ինչպէս միջազգային փորձառութեան մէջ»:

Ռուստամեան նշեց, որ այս բոլորին մէջ ինք միտում կը տեսնէ` իշխող ուժի քարոզչութեան նպաստելու առումով: Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ կայ մէկը, որուն դէմ գործ պիտի յարուցուի եւ կը սպասեն նամակի: Ռուստամեան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ քանի մը ամիս կրցած են սպասել այդ նամակին, սակայն քանի մը օր չեն կրցած սպասել, որ Արամ Յարութիւնեան այլեւս դադրի պատգամաւոր ըլլալէ:

 

Նախորդը

Սպարտակ Սէյրանեան. «Դաշնակցութիւնը Կարելիութիւն Ունեցած Է Ընտրողներուն Ներկայացնելու Իր Ծրագիրները Եւ Գաղափարները»

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Որեւէ Յայտարարութիւն Պիտի Չազդէ ՀՅԴ Քարոզարշաւին Վրայ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?