Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթոյլատրելի Է Հարուածի Տակ Դնել Համաժողովրդական Պայքարը

December 4, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ի անդամ, ՀՅԴ-ի ցուցակով Քանաքեռ-Զէյթուն ընտրատարածքին մէջ առաջադրուած թեկնածու Գեղամ Մանուկեանը Հ2 պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին խօսած է Հայաստան-Արցախ իշխանութիւններու միջեւ ստեղծուած որոշակի լարուածութեան մասին:

Յիշեցնենք, որ «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւորութեան թեկնածու Սասուն Միքայէլեանի աղմկայարոյց ձեւակերպումէն ետք, թէ` յեղափոխական շարժումը աւելի կարեւոր էր, քան արցախեան ազատամարտը, Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ սկսան փոխադարձ պարզաբանումներ, տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ, մեղադրանքներ:

«Ես ատիկա առճակատում չէի կոչեր, որովհետեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող որեւէ իրադարձութեան մասին հայ հաւաքականութեան որեւէ շերտ, որեւէ խաւ, ու յատկապէս օրինական ճամբով ընտրուած Արցախի ղեկավարութիւնը կրնան տեսակէտներ ու մօտեցումներ յայտնել: Թոյլ չտալ կարծիք յայտնելը կրնայ բերել վտանգաւոր ջրբաժաններու: Այս առումով Դաշնակցութեան կոչն է` սթափուիլ, գիտակցիլ, եւ պահ մը կանգ առնել` յանուն ապագայի ու դժուար մարտահրաւէրներու», ըսած է Գեղամ Մանուկեան:

Անոր համոզումով` 30-ամեայ պայքարով ձեռք բերուած այդ հարստութիւնը, որ կը կոչուի հայկական պետականութիւն, ազատագրուած տարածքներով նոր Արցախ աշխարհ, անթոյլատրելի է որեւէ ձեւով թիրախ դարձնել ու հարուածի տակ դնել համաժողովրդական պայքարը: Պէտք չէ թոյլ տալ մեր համազգային համախմբումին մէջ որեւէ ճեղք, բաժանում` արցախցի-հայաստանցի:

Գեղամ Մանուկեանը անդրադարձած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի այն յայտարարութեան, թէ մայիսէն այսօր Հայաստան զէնք չէ մատակարարուած: Այս յայտարարութենէն ետք  վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, թէ  Հրանդ Մարգարեանը կը սխալի: Գեղամ Մանուկեանի համաձայն, Հրանդ  Մարգարեանը շարք մը մտահոգութիւններ ներկայացուցած էր, ինչ որ  կարելի չէ չներկայացնել, քանի որ Դաշնակցութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն ունի ազգային արժէքներու եւ առկայ  խնդիրներու վերաբերեալ:

«Հրանդ Մարգարեանը բարձրաձայնած էր, թէ մտահոգիչ է այն տեղեկութիւնը, որ Հայաստան մայիսէն այսօր զէնք չէ մատակարարուած, եւ աւելցուցած էր. «Տայ Աստուած, որ սխալիմ»: Ո՞վ մտահոգութիւն պէտք է արտայայտէր, եթէ ոչ` Դաշնակցութիւնը: Հրանդ Մարգարեանը, ինչպէս յարիր է համահայկական կառոյցի ներկայացուցիչին, թոյլ չտուաւ նման ռազմավարական հարցով հրապարակային բանավէճ ընթանայ` ցած  մակարդակով: Ուղղակի ան իր պատասխանով հանդարտեցուց իրավիճակը», ըսած է ան:

Այլ նիւթով, Գեղամ Մանուկեան վստահեցուցած է. «Դաշնակցութեան մէջ շերտեր փնտռողը երբեք չէ յաջողած»: Ըստ անոր, դժուար է մնալ Դաշնակցութեան մէջ, թէ՛ կարգապահութեան առումով, թէ՛ գաղափարականութեան պատճառով: Դաշնակցութիւնը կ՛ընթանայ իր ուղիով: Ինչ կը վերաբերի դաշնակցական թեկնածու Բագրատ Եսայեանի` ինքնաբացարկ յայտնելուն, եւ անոր հետեւած տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններուն, Գեղամ Մանուկեան նշած է, որ Բագրատ Եսայեան կը նկատուի ՄԱԿ-ի աշխատակից, իսկ ՄԱԿ-ը իր կանոնադրութեամբ թոյլ չի տար  հրապարակային քաղաքական գործունէութեամբ զբաղիլ:

«Դաշնակցութիւնը այնպէս է, որ կարելի չէ զայն արմատախիլ ընել: Քանի մը տարիէն կը տեսնենք` արմատախիլ ընելու կոչեր ուղղողները ո՛ւր կը յայտնուին», ըսած է Գեղամ Մանուկեան:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Կարելի Չէ Թուրքիան Մեղադրել Հայերու Ցեղասպանութեան Համար»

Յաջորդը

Սպարտակ Սէյրանեան. «Դաշնակցութիւնը Կարելիութիւն Ունեցած Է Ընտրողներուն Ներկայացնելու Իր Ծրագիրները Եւ Գաղափարները»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.