Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպարտակ Սէյրանեան. «Վա՛յ Այն Երկրին, Որուն Ազգային Ժողովը Մանկամիտներով Պիտի Ձեւաւորուի»

November 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ, ընտրարշաւի համար նախատեսուած յատուկ ցուցանակներուն վրայ, պատռած են ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն պաստառները, կամ անոնց պաստառներուն վրայ փակցուած են այլ, մասնաւորաբար` «Իմ քայլը» դաշինքի պաստառները: Նոյն պատկերը կը պարզուէր նաեւ Քանաքեռ-Զէյթունի մէջ, ուր ՀՅԴ-ի թեկնածուները հանդիպումներ ունեցած են: Այս մասին «Երկիր»-ը զրուցած է ՀՅԴ համամասնական ցուցակով առաջադրուած թեկնածու Սպարտակ Սէյրանեանի հետ:

Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու նախօրեակին յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ ընտրարշաւը պէտք է ընթանայ բնական մթնոլորտի մէջ, ինչ որ բոլորին համար ձեռնտու է, բայց եւ այնպէս նկատելի է, որ այս մասին ամէնէն աւելի խօսողները իրե՛նք են, որ կը խախտեն քաղաքակիրթ քարոզարշաւի տրամաբանութիւնը: Ս. Սէյրանեան մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, որ նման արարքները հասարակութիւնը բաժան-բաժան կ՛ընեն, լարուածութիւն եւ ներքին թշնամութիւն կը սերմանեն` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները երկու կարեւոր խնդիր կը հետապնդեն` ո՛ր քաղաքական ուժը իշխանութիւն պիտի ունենայ, իսկ երկրորդ` ընտրութիւններէն ետք մեր հասարակութիւնը աւելի ուժե՞ղ, թէ՞ աւելի տկար պիտի ըլլայ. «Ցաւօք, այս քարոզարշաւի ամբողջ տրամաբանութիւնը լաւատեսութեան հիմքեր չի տար, որ ընտրութիւններէն ետք մենք պիտի ունենանք ընտրական հոլովոյթէն աւելի ուժեղ դուրս եկող հասարակութիւն», ընդգծեց Սպարտակ Սէյրանեան:

Սպարտակ Սէյրանեան դիտել տուած է, որ քարոզարշաւի ընթացքին բառեր արտասանելու, արտայայտութիւններ եւ կեցուածքներ ունենալու ատեն պէտք է լաւապէս մտածել, որ անհրաժեշտ սահմանները յարգուին, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ուշ միմիանց երեսին նայիլ եւ ձեռք սեղմել: «Կարելի չէ անցնիլ սահմաններ` ըլլայ ազգային խնդիրներու կամ  Արցախին վերաբերող: Կարելի չէ մէկ-երկու քուէի համար անցնիլ սահմաններ, որոնք յետոյ շատ դժուար է վերականգնել», աւելցուցած է ան:

Սէյրանեան նաեւ քաղաքական լակոտութիւն եւ անլրջութիւն նկատած է պաստառ պատռելու, ուրիշ մը փակցնելու, իսկ անկէ ետք ալ կատարուած արարքը ուրանալու քայլերը` զանոնք նկատելով նախնական, ձեւականութեամբ ժողովուրդի խաբելու միտող: «Որովհետեւ, եթէ դուն վստահ ես, որ քու գաղափարդ ճիշդ է, դուն դիմացինիդ չես հայհոյեր, չես վարկաբեկեր, քու պաստառդ չես փակցներ դիմացինին պաստառին վրայ: Ասիկա ոչ թէ քաղաքական նախնականութիւն է, այլ կը նշանակէ, որ մարդիկ նպատակադրած են ամէն գնով յաջողութեան հասնիլ, իսկ այդ ամէն գնովին մէջ կը մտնէ նաեւ հասարակութիւնը պառակտելը», ըսած է Ս. Սէյրանեան:

Ըստ անոր, ասիկա քաղաքական մակարդակ չէ, չափահաս մարդու մակարդակ չէ: Այդ մակարդակը մանկական ալ չէ: «Եւ եթէ մանկամիտ մտածելակերպով կ՛ուզենք Ազգային ժողով ղեկավարել, վա՛յ այն երկրին, որուն Ազգային ժողովը մանկամիտ մտածելակերպով մարդոցմով պիտի ձեւաւորուի», նշած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Դաշնակցութիւնը, առհասարակ, այս ընտրութիւններուն յաղթելու կարելիութիւններ ունի՞` Սէյրանեան ըսած է, որ ոչ մէկ քաղաքական ուժ իր յաջողութեան հաւանականութիւնը պէտք է գնահատէ. «Այսօր հասարակութիւնը լուրջ առիթ ունի ձեւաւորելու լուրջ խորհրդարան մը` իր դիմագրաւած խնդիրները լուծելու համար: Եւ եթէ Դաշնակցութիւնը քիչ քուէ հաւաքէ, ատիկա Դաշնակցութեան խնդիրը պիտի չըլլայ, այլ պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին խնդիրը»:

 

Նախորդը

Արա Բաբլոյեան Ընդունած Է Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Խումբի Ղեկավարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Իւրաքանչիւր Դաշնակցականէ Առաջին Պահանջատէրը Ինքնին Դաշնակցութիւնն Է»

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.