ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՀՅԴ համամասնական ցուցակին մէջ 5-րդ տեղը զբաղեցնող Սպարտակ Սէյրանեան հիւրընկալուած է 24 Թի. Վի.»-ին կողմէ: Բանավէճի միւս մասնակիցը պէտք է ըլլար «Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան ցուցակի 2-րդ տեղը զբաղեցնող թեկնածու Գարեգին Չուգասզեանը, սակայն ան չէ մասնակցած:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական քարոզարշաւը, Սպարտակ Սէյրանեան նշած է, որ, հակառակ նախընտրական քարոզարշաւի բոլոր ձեւախեղումներուն, առկայ իրավիճակէն բխող բոլոր իրողութիւններուն, Դաշնակցութիւնը կարելիութիւն ունեցած է գոնէ անցնող 6 օրերու ընթացքին ընտրողներուն ներկայացնել իր ծրագիրները, գաղափարներն ու առաջարկները այն բոլոր հարցերուն հետ կապուած, որոնք թէ՛ այսօր կան, թէ՛ վաղը պիտի ըլլան` անկախ ընտրութիւններու արդիւնքներէն եւ ընտրական հոլովոյթի տրամաբանութենէն:
«Անշուշտ, շատ կ՛ուզէինք, որ ո՛չ միայն մենք, այլ նաեւ քաղաքական միւս ուժերը քարոզարշաւի կարճ ժամանակահատուածին մէջ կարելիութիւն ունենային սեփական տեսակէտները ներկայացնելու, այլ ոչ թէ պատասխանէին կամ պարտադրուած ըլլային պատասխանելու իրենց հետ կապուած մեղադրանքներուն, սեւ քարոզչութեան, հակաքարոզչութեան: Բայց, այնուհանդերձ, կը կարծեմ, որ յառաջիկայ քանի մը օրերն ալ կարելիութիւն կու տան ընտրողներուն հետ շփումներու ընթացքին աւելի հանգամանալից եւ պարզորոշ ներկայացնելու մեր մօտեցումներն ու առաջարկները», ըսած է Սէյրանեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին համաձայն, Դաշնակցութեան համար այս վիճակը ցանկալի չէ, որովհետեւ իրենք այսպիսով կարելիութիւն չեն ունենար կեդրոնանալու առաջարկներու եւ տեսակէտներու վրայ: «Բայց քանի մը քուէ աւելի ստանալու սիրոյն մենք երբեք պիտի չխառնուինք նման բանավէճի եւ նման խօսակցութեան մէջ», շեշտած է ան:
Իսկ այդ պարագային ինչո՞ւ ՀՅԴ-ն կը մասնակցի ընտրութիւններուն, Սէյրանեան պատասխանած է. «Մենք կը մասնակցինք, որպէսզի մեր տեսակէտներն ու մօտեցումները ներկայացնենք: Թող հասարակութիւնը ինքը` իր ազատ կամքի արտայայտութեամբ, իր որոշումը ներկայացնէ բոլոր քաղաքական ուժերու դիրքորոշումներուն առնչութեամբ: Եթէ մարդիկ կ՛ուզեն որոշում կայացնել անցեալի հարցերու վերաբերեալ, անոնց կամքն է: Մենք անոնց կ՛առաջարկենք ապագայի օրակարգեր: Տեսէք` եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը դիտարկեն իբրեւ միջոցառում, որ միտուած է ընդամէնը իշխանութեան ձեւաւորման, ասիկա տրամաբանութիւն մըն է: Բայց համաձայնինք, որ ընտրութիւններու յաջորդ օրը, Հայաստանի եւ հայութեան համար ներքին, թէ արտաքին մարտահրաւէրները պիտի չփոխուին: Ազրպէյճանը պիտի չըսէ` քանի որ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան, եւ ենթադրենք X քաղաքական ուժը ստացաւ ձայներու ճնշող մեծամասնութիւն, ուրեմն լաւ, եկէք Ղարաբաղի հարցին նկատմամբ ուրիշ ձեւով վերաբերինք: Մեր դրացիները շրջանէն պիտի չհեռանան: Այդ բոլոր տագնապները, որոնք մենք ունէինք` տնտեսական, ընկերային, մշակութային, ազգային, արժեհամակարգային, պիտի մնան, չէ՞: Հիմա` եթէ քաղաքական ուժերը կը կարծեն, որ այդ հարցերուն մասին պէտք չէ խօսիլ, այլ խօսքը իշխանութիւնը ամէն գնով վերցնելու մասին է, ես ըսեմ ձեզի` ով ալ յաղթի, ատիկա պիտի ըլլայ պիւրոսեան յաղթանակ»:
«Քաղաքական ուժը միայն խորհրդարանով չէ, որ ընելիք ունի Հայաստանի մէջ», ըսած է Սպարտակ Սէյրանեանը:



