Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Դաշնակցութիւնը Միշտ Պաշտպանած Է Հայ Ազգը Միաւորող Արժէքները»

December 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին հետ «Թերթ»-ին ունեցած զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն` քարոզարշաւին մասնակցող Դաշնակցութեան եւ մասնաւորապէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին ուղղուած քննադատութեան, ըսած է. «Դաշնակցութիւնը մէկ կուսակցութիւն է. չկայ սփիւռքի եւ Հայաստանի Դաշնակցութիւն»:

«Դաշնակցութիւնը միշտ պաշտպանած է եւ կը շարունակէ պաշտպանել այն արժէքները, որոնք կը միաւորեն հայ ազգը: Համահայկական ընտանիք ըլլալով` Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ թէ՛ սփիւռքի պայքարները եւ թէ՛ Հայաստանի մարտահրաւէրները: Եւ, վերջապէս, գիտենք, որ բոլոր հարցերը իրարու կապուած են` Հայ դատի հետապնդման պայքարը, Ցեղասպանութեան ճանաչումն եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները, արցախեան տագնապի լուծումը` ի նպաստ հայկական կողմին, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքները, սփիւռքի գոյատեւումը` իբրեւ արտաքին ուժ Հայաստանի կողքին, Հայաստանի զարգացումը եւ ընկերային անարդարութեան հարցերու լուծումը, երկրին մէջ հաւասարութեան հաստատման հարցերու լուծումը, աղքատութեան դէմ աշխատանքը® բոլորը շաղկապուած են», ըսած է ան` աւելցնելով, որ բոլորը թող ուրախանան, որ այսօր աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ Դաշնակցութիւնը կայ:

Ըստ Մուրատ Փափազեանի, Դաշնակցութիւնը միշտ ալ եղած է անկախ Հայաստանի «անպաշտօն» եւ լրացուցիչ դիւանագիտական ուժը: «Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է գիտակցի, որ Դաշնակցութիւնը թշնամի չէ: Ընդհակառակն, այդ ուժն է, որ եթէ գոյութիւն չունենար, կարիք պիտի ըլլար զայն ստեղծելու», ըսած է ան:

Քարոզարշաւին մասին խօսելով` Մ. Փափազեան նշած է, որ ընտրապայքարը ժողովրդավարութեան հաստատման շատ կարեւոր միջոց պէտք է ըլլայ, նաեւ առողջ եւ կառուցողական քաղաքական վէճերու ժամանակն է. «Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հրանդ Մարգարեանի միջեւ բանավէճը պէտք է շարունակուի առողջ հիմքի վրայ: Այն հանրային բանավէճը, զոր Հրանդ Մարգարեան առաջարկեց Նիկոլ Փաշինեանին, պէտք է անպայման տեղի ունենայ: Անիկա ցոյց պիտի տայ մեր հասունութիւնը: Ժողովուրդին դիմաց ամէնէն բարձր մակարդակով կարելի է ներկայացնել զանազան տեսակէտներ», դիտել տուած է ան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Պէտք Է Ամրանանք Թէ՛ Ներսը, Թէ՛ Դուրսը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.