Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Պիտի Քննադատէ Իշխանութեան Վարած Սխալ Քաղաքականութիւնը»

December 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական դաշտին մէջ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը ամենեւին պայմանաւորուած չէ Ազգային ժողովին մէջ ըլլալ-չըլլալու հանգամանքով. Ազգային ժողովի ընտրութիւններով որեւէ բան չի սկսիր կամ չ՛աւարտիր: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:

Ան նաեւ չի կարծեր, որ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած չըլլալը որեւէ ձեւով պիտի խոչընդոտէ կուսակցութեան գործունէութիւնը:

Արսէն Համբարձումեան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը արտախորհրդարանական ճակատի վրայ, ընդդիմադիր դաշտին մէջ:

Անդրադառնալով օրակարգային հարցերուն` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչը նշեց, որ քաղաքական մենիշխանութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ երկրի զարգացման համար ճիշդ չէ` աւելցնելով, որ սուր կերպով պիտի քննադատեն իշխանութեան քաղաքականութիւնը  այնտեղ, ուր սխալ կը նկատեն, եւ պիտի աջակցին բոլոր այն մօտեցումներուն, որոնք կը նկատեն իրենց գաղափարներուն հարազատ:

Ան նաեւ յայտնեց, որ հետեւողական պիտի ըլլան իրենց մօտեցումներէն  բխող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հետ կապուած հարցերու լայն շերտին նկատմամբ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսինքն ՀՅԴ-ն հիմա սպասողական վիճակի մէ՞ջ է, կախեալ անկէ, թէ իշխանութիւնը ինչպէս պիտի կառավարէ, Համբարձումեան նշեց. «Ոչ: Մենք հակազդողի դերին մէջ պիտի չըլլանք, կը պատրաստուինք նախաձեռնողական քաղաքականութիւն վարելու եւ օրակարգ բերելու այն հարցերը, որոնք անհրաժեշտ կը գտնենք»:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծումը Պիտի Շարունակէ Մնալ Հայաստանի Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնը»

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.