Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր նստավայրին մէջ ընդունած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պատուիրակութիւնը` «Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, հանդիպումի ընթացքին քննարկումները ծաւալած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, երկրի վերակառուցման հոլովոյթին շուրջ: Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գործարարները ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման հոլովոյթին:
Սուրիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Սուրիոյ բարեկամ Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբունքային դիրքորոշումը եւ երկրին դէմ սանձազերծուած ահաբեկչական պատերազմի ամբողջ ընթացքին ցուցաբերած աջակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայաստանը ըլլայ յառաջատար երկիրներէն մէկը, որ արդար իրաւունք ունի մասնակցելու Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներուն:


