Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թէ Ինչո՞ւ Հայկական Կողմը Յղում Պէտք Է Կատարէ Վիեննային

Դեկտեմբեր 18, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման բովանդակային բանակցութիւններուն վերադառնալու հետզհետէ թափ հաւաքող բարձրաձայնումները մտածել կու տան, որ միջնորդական առաքելութեան աշխուժացման միտումներ կը դրսեւորուին շուտով:

Բովանդակային մասը տակաւին պարզ չէ, այսուհանդերձ որոշ երեւոյթներ հիմք կը ծառայեն կանխատեսումներու, եւ առ այդ` կը յուշեն պետական դիրքորոշումներու վերաբանաձեւումներ կատարելու: Պաշտօնական Մոսկուայի հրապարակած առաջադրանքը` արտաԵԱՀԿ-եան շրջանակներու մէջ երկխօսութեան ձեռնարկելու, բնականաբար անտարբեր չի ձգեր դիպաշարին հետեւողը:

Մէկ անգամ չէ, որ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափէն դուրս բանակցութիւնները միջազգային այլ միջավայր տեղափոխելու պահանջ-առաջարկ արծարծած էր Պաքուն տարբեր առիթներու: Լաւրովի այս պատկերացումին անպայման կ՛արձագանգէ պաշտօնական Պաքուն, եթէ ոչ անպայման ուղղակի եւ անմիջական, այլ` անուղղակի եւ գուցէ տարբեր պարունակի մէջ:

Մինչեւ Տուշանպէի պայմանաւորուածութիւն` հայկական կողմը իր պաշտօնական դիրքորոշումը` բովանդակային բանակցութիւններու վերադառնալու, կը պամանաւորէր նախ հրադադարի երաշխաւորման համար Վիեննայի, ապա Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ հնչած առաջնահերթութիւններու գործադրութեամբ:

Ապրիլեան պատերազմէն ամիս մը ետք, Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը հիմնական երեք կէտերուն մասին յայտարարութիւն կը հրապարակէր:

Ա. Քննարկուած են արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ ապրիլի սկիզբը կատարուած հրադադարի կոպիտ խախտումին պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու հաւանական ուղիները:

Բ. Համանախագահող երկիրները շեշտած են 94-ի եւ 95-ի համաձայնագիրները յարգելու եւ անոնց իրականացումէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:

Գ. Համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի հաստատման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու յաւելման հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման համար:

Առաջին հայեացքով երկրորդ կէտը քաղաքական առաւել կ՛ապահովէր հայկական կողմին` պարզապէս նշելով 94-ի հրադադարը: Ասիկա հրադադարի այն համաձայնութիւնն է, որուն յղում կը կատարուէր այս ձեւով, ուր Ստեփանակերտը իբրեւ առանձին քաղաքական միաւոր կը ստորագրէր միջազգային պայմանագիրը: Այս ինքնին կը մղէ ենթադրել տալու, որ հետագայ որեւէ պայմանագիր պէտք է ունենար նաեւ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը: Համանախագահները փաստօրէն բովանդակային որեւէ համաձայնութեան համար անուղղակիօրէն կը յուշէին Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը` պարզապէս յղում կատարելով 94-ի հրադադարին:

Երրորդ կէտը առաջին տպաւորութեամբ ունի զինուորական նշանակութիւն: Երաշխաւորել շփման գիծի անվտանգութիւնը, համապատասխան սարքերով օժտել զայն եւ հետաքննել հրադադարի խախտումի դէպքերը` այս բոլորին համար ընդլայնելով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին լիազօրութիւնները:

Վիեննայով փաստօրէն կարեւոր առաջադրանքային կէտեր պայմանաւորուածութեան տեսք կը ստանային: Յղում կը կատարուէր Ստեփանակերտին իբրեւ քաղաքական անկախ միաւոր. ԵԱՀԿ-ը զուտ բանակցային միջնորդի կարգավիճակէն անցում կը կատարէր շփման գիծի անվտանգութեան երաշխաւորի եւ հետաքննողի: Փաստօրէն Պաքուն հարուած կը ստանար` բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն դուրս բերելու իր քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին: Վիեննայի որոշումները արգելակելու Պաքուի պատասխանը պարզ էր:

Հայկական կողմը մնայունօրէն յղում պիտի կատարէ Վիեննային ոչ թէ բովանդակային բանակցութիւններէն խուսափելու համար, այլ Ստեփանակերտը` իբրեւ անկախ կողմ, բանակցային սեղան վերադարձնելու (ինչ որ իբրեւ առաջադրանք վերահաստատուած է նորահաստատ իշխանութիւններուն կողմէ): Նաեւ անշուշտ իբրեւ գործնական միջոց` մշտադիտարկման կահաւորումը կատարելագործելով, հետաքննումի գործողութիւններուն սատարելով անվտանգութեան երաշխաւորումը ամրակայելու միտումով:

Այս բոլորը պարզ են զինուորաքաղաքական իմաստով: Քաղաքական տրամաբանութեամբ պէտք է բացատրել նաեւ, որ Պաքուն չկրակելու եւ ուղիղ կապ հաստատելու  պայմանաւորուածութեամբ ըստ էութեան փորձ կը կատարէ տապալելու Վիեննան եւ խնամքով շրջանցելու այնտեղ բանաձեւուած  կէտերը:  Տուշանպէի պայմանաւորուածութեան արդիւնքները աւելի շօշափելի են, քան Վիեննայի: Պաքուն պարզապէս կ՛արգելակէ ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւններու ընդլայնումը` քաջ գիտնալով նաեւ, որ մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու կահաւորումն ու այնտեղ իրականացուող մնայուն մշտադիտարկման առաքելութեան իրականացումը կ՛ենթադրէ փաստացի սահմաններու նուիրականացում եւ իրողական ճանաչում:

Ըստ էութեան, Վիեննան, բովանդակային բանակցութեան կարեւոր փաստաթուղթ է, որուն մնայունօրէն յղում կատարելու բոլոր պատճառները ունի հայկական կողմը:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ 144-րդ Լսարան. «Արեւմտահայերէնը Եւ Արեւմտահայերէնի Պահակները» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Ականջ Տուէք Իրե՛ն Ժողովուրդն Է Կարեւորը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?