Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Իր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Զգօն Ըլլալու. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Հակազդէ

December 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց տօնական օրերուն Հայաստան գտնուելու պարագային զգօն ըլլալու: Դեսպանատան տարածած յայտարարութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ, աւանդաբար, տօնական օրերուն կ՛արձանագրուի աճ այնպիսի յանցագործութիւններու, ինչպիսիք են թալանը, կողոպուտը, գրպանահատութիւնը, բնակարանային գողութիւնները:

«Այդ շրջանին կը նկատուին նաեւ անդրազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ ընթացիկ սպառնալիքներ` ծայրայեղականները կը շարունակեն կեդրոնանալ զբօսաշրջական վայրերու` առեւտրական կեդրոններու, օդակայաններու, ակումբներու եւ այլ կառոյցներու վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ կոչ ուղղուած է վերատեսութեան ենթարկելու անձնական անվտանգութիւնը, հետեւելու տեղական լրատուամիջոցներուն եւ ըլլալու իրազեկուած:

Հայաստանի Ոստիկանութեան Արձագանգը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Յայտարարութեան

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան զգուշութեան կոչին` Հայաստանի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ քրէածին իրավիճակը անհանգստութեան տեղիք չի տար, անվտանգ է ինչպէս Հայաստանի քաղաքացիներուն, այնպէս ալ զբօսաշրջիկներուն համար եւ կը գտնուի ոստիկանութեան մնայուն վերահսկողութեան տակ:

Բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ անվտանգ գնահատած են Հայաստանն ու մայրաքաղաք Երեւանը, եւ ոստիկանութիւնն ու միւս իրաւապահ մարմինները ունին բոլոր կարելիութիւններն ու միջոցները եւ կը կատարեն ամէն ինչ` այդ գնահատականը հաստատելու եւ հասարակական անվտանգութեան լիարժէք պահպանման համար, իսկ յատկապէս տօնական օրերուն ոստիկանութիւնը աւելի ուժեղ  ծառայութիւն կ՛իրականացնէ:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ. «Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Յայտարարութիւնը Տարակուսանք Կը Յառաջացնէ»

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը արձագանգած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տարածած յայտարարութեան:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յայտարարութիւնը տարակուսանք կը յառաջացնէ ո՛չ միայն հայաստանեան հասարակութեան մէջ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին համար անհասկանալի է, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը նախազգուշացնէ յանցագործութեան մասին երկրին մը մէջ, ուր յանցագործութեան մակարդակը  ամէնէն ցածերէն մէկն է, եւ որ աշխարհի ամէնէն անվտանգ վայրերէն է  զբօսաշրջիկներուն համար:

«Աւելի անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ մեր դեսպանութիւնը Հայաստանի մէջ գտնուող ամերիկացիներուն կոչ կ՛ուղղէ զգօն ըլլալու միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ եւ անհատներէ եկող վտանգի պատճառով, որ որեւէ ներկայութիւն կամ նախադէպ չէ ունեցած Հայաստանի մէջ», նշուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:

. ՅԱՅՏՆԵՆՔ նաեւ, որ 10 դեկտեմբերին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը  շնորհաւորած է Հայաստանի քաղաքացիները` ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ ընտրութիւնները առանցքային իրագործում մը ըլլալով` կը հանդիսանան ժողովրդավարութեան յաղթանակ, նոր դարաշրջան մը բանալով հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան պատմութեան մէջ:

Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ կը շեշտէ, որ արդէն իսկ աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հիմնական ուժերուն հետ` խաղաղ, սահմանադրական եւ ժողովրդավարական անցումը ապահով կերպով շարունակելու նպատակով եւ շեշտելով, որ  Հայաստանի մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքը անհրաժեշտ է վերածել իրագործելի  ծրագիրներու, որոնք պիտի խորացնեն հայ-ամերիկեան շահաբեր  համագործակցութիւնը` քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ:

«Երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացման աջակցելուն զուգահեռ, մենք աչալուրջ պիտի մնանք եւ դէմ պիտի դնենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շահերուն` Միացեալ Նահանգներու եւ շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարածքին, որպէսզի առիթ չտանք, որ այս անցումային շրջանին փորձ կատարուի շահագործելու, մեկուսացնելու կամ յարձակում գործելու Հայաստանի կամ Արցախի վրայ», կը շեշտէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Եւ Նիկոլ Փաշինեան Հադիպում Ունեցած Են Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.