Արցախի Հանրապետութեան նախագահը 14 դեկտեմբերին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող տարբեր հարցեր:



