Արդէն աւանդութիւն դարձած է տարեփակի առիթով խմբագրականներու շարք յատկացնել Ամանորի նախօրեակին` անցնող ուղիին մասին ընդհանուր գնահատականները խմբագրականի տեսքով հրապարակայնացնելով:
Մամուլի ներկայացուցիչի համար գործունէութեան հանրագումարի ներկայացումին առընթեր հաշուետուութեան յատուկ եղանակ մըն է ասիկա` նախ եւ առաջ ուղղուած ընթերցող փաղանգին: Այս օրերուն փաղանգ բնութագիրը ընթերցող խաւին կցելը հետզհետէ աւելի կ՛իմաստաւորուի` նկատի ունենալով ներկայ պայմաններուն մէջ գիտակից եւ յանձնառու ընթերցող խաւին առկայութիւնը:
Այս նշումը ինքնին արդէն կը նախաբանէ առաջնային կարգով խօսիլ տպագիր մամուլի հետզհետէ ահագնացող ճգնաժամին մասին: Թուաբանական համրանքը` լիբանանեան փակուած-փակուող եւ փակուելու ահազանգներ հնչեցնող ամէնէն նշանաւոր թերթերու, պատկերացում կը փոխանցէ դասական լրատուադաշտին մէջ արձանագրուող մետիաշարժի ուժգնութեան եւ անոր յետցնցումնային իրավիճակներու անյաղթահարելիութեան մասին:
Այս հաստատումները չեն կատարուիր անշուշտ արդարացնելու համար տպագիրի մղած մեր գոյապայքարին ձեռք բերած ոչ ակնկալուած արդիւնքները: Մեր աշխատանքները անբաւարար են տպաքանակի հազիւ կայունութիւն պահպանող իրավիճակը փապուղիէն դուրս բերելու` յատկապէս բաժանորդարշաւի յարձակողապաշտ ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ:
Միաժամանակ սակայն, կը գիտակցինք, որ թերթի բաժանորդներու ցանցը պէտք չէ հիմնուի քաջալերական խորապատկերի վրայ: Քաջալերուող, բայց չկարդացուող թերթերու տպաքանակի արուեստական աճը միայն ժամանակաւոր բնոյթ կրնայ ունենալ եւ բռնազբօսիկութիւնը որեւէ կերպ սատարած չ՛ըլլար թերթի տարածման:
Որքան ալ ընդունելի ըլլայ, որ տպագիրը հաւաստիութեան ընկալման առումով յստակ գերակայութիւն ունի ելեկտրոնայինին վրայ, այսուհանդերձ ներկայ համակարգը հարթիչ գլանի նման կ՛անցնի թուղթին վրայէն` գերզբաղեցնելու համար ելեկտրոնային դաշտը: Որքան ալ հաստատուի, որ կայ միջին սերունդ, որ կը նախընտրէ թուղթը շօշափելով կարդալ մամուլը, այսուհանդերձ նկատելի է, որ այդ խաւն է, որ կը նօսրանայ, մինչ կը բազմապատկուի ընկերային ցանցերու միջոցով հրամցուող նիւթին ծանօթացողներուն թիւը: Բառերը այստեղ միտումները բնութագրող իմաստ ունին. ընթերցողին տեղ` նիւթին ծանօթացողը:
Եթէ մէկ կողմէ կը հաստատենք, որ ձեռնածալ չենք մնացած տպագիրի գոյութենական պայքարին մէջ դիրքեր գրաւելու առումով, միւս կողմէ նաեւ կ՛ընդունինք, որ ճգնաժամին դիմաց չենք յաջողած մշակել հակաճգնաժամային ծրագիր մը, որ կարենար լուսաւորել այս ուղղութեամբ ուրուագծուող հեռանկարը:
Այս նիւթին յատկացուած քննարկումներուն, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքեան մամուլի գործիչներու միջավայրին մէջ, ինչպէս այլ թերթերու պատասխանատուներ, «Ազդակ» եւս չէ կրցած գտնել լուծման բանալիները կամ ցոյց տալ այն ուղիները, որոնք կ՛ապահովեն տպագիր մամուլի շարունակութեան նպատակին ծառայելու հանգամանքները: Բաւարարուած ենք ընդհանրապէս հիմնաւորելով, տպագիր մամուլը պէտք չէ փակուի, ընդհանուր բանաձեւով:
Այս առիթով կը վերընդգծենք նոյն բանաձեւը, միաժամանակ նախանշելով այն անհրաժեշտութիւնը, որ «Ազդակ» նախաձեռնողականութիւն դրսեւորէ կազմակերպելու տպագիր մամուլի ապրած դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցներու մասին մասնագիտական քննարկում-աշխատանոց մը: