Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Փոքրամասնութիւններու Պատգամաւորները Հայաստանի Նոր Իշխանութիւններուն Հետ Պիտի Աշխատին, Ինչպէս Կ՛աշխատէին Նախկիններուն Հետ

January 11, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ասորական համայնքը ներկայացնող Արսէն Միխայլովն ու քրտական համայնքը ներկայացնող Կնեազ Հասանովը նոր իշխանութեան հետ պիտի աշխատին նոյն ձեւով, ինչպէս աշխատած են նախկին իշխանութեան հետ: Պատգամաւորները, այս մասին, ըսած են «Արմէնփրես»-ի  հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

Հասանովն ու Միխայլովը 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ իրենց համայնքներուն կողմէ ներկայացուած էին նախապէս իշխող Հանրապետական խմբակցութեան մէջ, այսօր արդէն Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմած «Իմ քայլը» խմբակցութեան կազմին մէջ են:

«Նախորդ իշխանութեան հետ աշխատանքը բնական կը գնահատեմ: Կրցած ենք հարցեր բարձրացնել եւ լուծումներ ստանալ մեր համայնքին վերաբերեալ: Օրինակ` մեզի համար շատ կարեւոր էր խոշորացման ծրագիրը, ուր ընդգրկուած էին մեր ասորաբնակ գիւղերը: Ես այդ հարցը կրցայ բարձրացնել եւ խնդրել, որ ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքներու խոշորացումը չըլլայ, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց կրթամշակութային հարցերը», նշած է Արսէն Միխայլով:

Քրտական համայնքի ներկայացուցիչ Կնեազ Հասանովի համաձայն, նախորդ իշխանութիւններու թերութիւններուն համար ժողովուրդը իր գնահատականը տուած է:

«Նախորդ իշխանութիւններուն օրով մեր բոլոր հարցերը բարձրացուած են եւ ստացած իրենց լուծումները: Մնացեալ բոլոր թերութիւններուն համար ժողովուրդը արդէն իր գնահատականը տուած է», ըսած է Հասանով:

Ասորական համայնքը լուծման կարիք ունեցող հրատապ խնդիրներ այժմ չունի, բայց անհրաժեշտութեան պարագային անոնք պիտի ներկայացնէ նաեւ նոր ձեւաւորուած իշխանութեան:

«Հրատապ հարցեր չկան: Ունինք, վստահաբար, կրթամշակութային մարզին մէջ հարցեր, որոնք պէտք է կրկին բարձրացնենք ու տեսնենք, թէ ինչ լուծում պիտի ստանան: Հրատապ հարցերով կը զբաղին մեր համայնքային կազմակերպութիւնները, իսկ այն հարցերը, որոնք մեր համայնքային կազմակերպութիւնները չեն կրցած լուծել, պիտի բարձրացնենք Ազգային ժողովին մէջ, որ կարենանք լուծում տալ», նշած է Միխայլով:

Ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կ՛ակնկալեն նոր ձեւաւորուած Ազգային ժողովի մեծամասնութենէն:

«Մարդիկ կ՛ուզեն բաց, համարձակ, ազնիւ աշխատիլ: Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ պէտք է ընդունին ազգային փոքրամասնութիւնները այնպէս, ինչպէս միշտ եղած է, եւ իրենց խնդիրներով զբաղին ու լուծումներ տան», ըսած է ասորական համայնքի ներկայացուցիչը:

Քրտական համայնքի ներկայացուցիչը մեծ յոյսեր կը կապէ տնտեսական յեղափոխութեան հետ:

«Ներկայ իշխանութիւնները խոստացած են, որ պէտք է յայտարարեն տնտեսական յեղափոխութիւն, եւ այս տնտեսութիւնը երբ զարգանայ, նաեւ կը զարգանան մեր երկիրն ու բանակը: Տնտեսութեան զարգացումէն կախուած են նաեւ մնացեալ բոլոր հարցերը` կենցաղը, մշակոյթը, կեցութիւնը», նշած է Հասանով:

7-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած է 4 ազգային փոքրամասնութիւններու մէկական ներկայացուցիչ:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը Ստանձնած Սլովաքիան Ջանքեր Պիտի Գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը Յառաջ Տանելու Համար

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան. «Սփիւռքի Հետ Կառավարութեան Յարաբերութիւնները Եւ Գործակցութիւնը Դարձնել Աւելի Արդիւնաւէտ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.