Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւթեան. «Ազրպէյճանի` Բանակի Ստորաբաժանումները Սահմանապահներով Փոխարինելը Սահմանային Իրավիճակին Մէջ Որեւէ Փոփոխութիւն Չի Մտցներ»

January 10, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ տարիներուն համեմատ` հայ-ազրպէյճանական սահմանին կրակոցներու քանակի նուազման միտում կայ: Այս մասին  Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական հաւաքակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեան:

«Սահմաններուն վրայ էական փոփոխութիւն չկայ: Զինադադարի դրութիւնը  հիմնականին մէջ կը պահպանուի: Եթէ նախորդ տարիներուն  հետ համեմատենք` որոշակի մասով կրակոցներու քանակի նուազման միտում կայ», յայտնեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ փոփոխութիւն մտցուցած է Ազրպէյճանի` հայ-ազրպէյճանական սահմանի Ղազախ-Աղստաֆա հատուածին մէջ  բանակի ստորաբաժանումները սահմանապահներով փոխարինելը, Դաւթեան ըսաւ. «Սահմանի իրավիճակին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ մտցուցած, եւ չեմ կարծեր, որ կը մտցնէ: Այս պահու   դրութեամբ որեւէ դրական կամ բացասական ազդեցութիւն չէ կատարուած այդ ուղղութեամբ: Հետագային կ՛ողջունենք, եթէ սկսինք բանակցութիւնները` ե՛ւ սահմանի որոշումին հարցով, ե՛ւ ընդհանուր ծառայութեան կազմակերպման ուղղութեամբ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեան աւելցուց, որ հայկական կողմը իր բաժինով կը կատարէ որոշակի խնդիրներ` առանց յայտարարելու եւ միակողմանի:

Նախորդը

Վանը, Կարսն Ու Համշէնը Յայտնուած Են Թուրքիոյ Ձմեռնային Զբօսաշրջութեան Կարեւորագոյն Վայրերու Շարքին Մէջ

Յաջորդը

Ղազախստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.