Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան. «Սփիւռքի Հետ Կառավարութեան Յարաբերութիւնները Եւ Գործակցութիւնը Դարձնել Աւելի Արդիւնաւէտ»

January 11, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, կառավարութեան երէկուան նիստին անդրադարձած է սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին խօսակցութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Ես կ՛ուզեմ յատկապէս անդրադառնալ սփիւռքի նախարարութեան պարագային, որովհետեւ կը կարծեմ, թիւր տպաւորութիւն կայ, թէ մենք կ՛ուզենք խաչ քաշել սփիւռքի նախարարութեան վրայ: Հակառակը, տուեալ պարագային ալ խնդիրը շատ յստակ ձեւակերպուած է` սփիւռքի հետ կառավարութեան յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ, եւ այս առումով մենք որոշակի տարբերակ ու առաջարկ ունինք, անիկա կ՛ենթադրէ, որ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու մակարդակը, ըստ էութեան, ոչ թէ պիտի նուազեցուի, այլ` բարձրացուի», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ այդ տարբերակին վերաբերեալ յառաջիկային նաեւ քննարկումներ պիտի ունենան սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը յոյս յայտնած է, որ այս հարցին վերաբերեալ պիտի հասնին համաձայնութեան եւ հաւանութեան: «Կրկին կ՛ըսեմ, որ այստեղ մեր խնդիրը յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութեան մակարդակի բարձրացումն է, որպէսզի փոխադարձաբար գոհ ըլլանք ինչպէս ընթացքէն, նոյնպէս ալ արձանագրուած արդիւնքներէն: Մենք, վստահաբար, պիտի երթանք հետեւողական, հաստատուն եւ մտածուած քայլերով,  համոզուած եմ, որ արձանագրուած լուծումները պէտք է ապացուցեն իրենց կենսունակութիւնը եւ, վստահաբար, պէտք է գոհացնեն բոլոր այն մարդիկը, որոնք մտահոգուած են Հայաստանի մէջ պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրներով եւ զայն կը նկատեն իրենց լուծելիք խնդիրը», ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի մինչեւ հիմա հրապարակուած նախագիծին համաձայն, նոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւ նախարարներէ: Պիտի կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը: Նախագիծով կը նախատեսուի ունենալ հետեւեալ 12 նախարարութիւնները` աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն, առողջապահութեան նախարարութիւն, արդարադատութեան նախարարութիւն, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն, արտաքին գործոց նախարարութիւն, բնապահպանութեան նախարարութիւն, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն, բարձր ճարտարարուեստներու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութիւն, տնտեսական զարգացման եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն, ելեւմուտքի նախարարութիւն:

 

 

Նախորդը

Ազգային Փոքրամասնութիւններու Պատգամաւորները Հայաստանի Նոր Իշխանութիւններուն Հետ Պիտի Աշխատին, Ինչպէս Կ՛աշխատէին Նախկիններուն Հետ

Յաջորդը

Նորընտիր Ազգային Ժողովի Պատգամաւորները Հանդիսաւոր Արարողութեամբ Ստացան Պատգամաւորական Իրաւագիրները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 23, 2026
Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.