Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը 12 յունուարին հանդիպում ունեցած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր նկատեցին երկու նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող պարբերական քաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը զանազան մարզերու մէջ:
Զոհրապ Մնացականեանը եւ Մասիս Մայիլեանը հանգամանալից մտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեանը վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին մէջ նախորդ տարուան մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ արտացոլուած սկզբունքները: Ան ընդգծեց, որ Արցախի կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը Հայաստանի առաջնահերթութիւններն են, եւ վերստին շեշտեց խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ Արցախի որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը: Զոհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ այս դիրքորոշումը քաջածանօթ է յատկապէս անոնց, որոնք Հայաստանի հետ ներգրաւուած են լուծման հոլովոյթին մէջ: Ընդ որում, այս շրջանակներուն մէջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող հանդիպումները արձանագրած են դրական աշխուժութիւն:
Մնացականեան շեշտեց, որ տագնապի լուծման համար պայման է բոլոր կողմերուն` խաղաղութեան հասնելու իրական յանձնառութիւնը: Կարեւոր նկատեց լարուածութեան բացառման, վտանգներու նուազեցման գործիքներու կիրարկման եւ անոնց շարունակական զարգացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը, որոնք բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման համար: Երկուստեք նշուեցաւ, որ յարձակողապաշտութեան օգտագործումէն զերծ մնալը կրնայ լաւագոյնս բնորոշել խաղաղ հանգուցալուծման յանձնառութիւնը:
Կողմերը անգամ մը ընդգծեցին, որ խաղաղութիւնը գերակայ է, բայց ատիկա պէտք չէ շփոթուի վճռականութեան պակասին հետ:
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան յառաջիկային Մինսքի խմբակի համանախագահներու օրակարգին մէջ ներառուած միջոցառումներուն եւ կարեւոր նկատեցին անոնց շուրջ նախօրէին իրար միջեւ միտքերու փոխանակման ձեւաւորուած գործառոյթը:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ոլորտային համագործակցութեան ու երկկողմանի օրակարգին առնչուող հարցերուն»:



