Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցի Լիբանանին Եւ Պատրաստ Է Բոլոր Մարզերուն Պարագային Օժանդակելու Անոր» Շեշտեց Զարիֆ

Փետրուար 12, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ, որ նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Լիբանան, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն, լիբանանցի իր պաշտօնակիցին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Իրանի դեսպանատան կազմակերպած ընդունելութեան` նուիրուած Իրանի յեղափոխութեան 40-ամեակին:

Լիբանան իր հասած վայրկեանէն իսկ Զարիֆ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութեան թուականը զուգադիպի երկրին նոր կառավարութեան կազմութեան:

Այդ առիթով Զարիֆ շնորհաւորեց Լիբանանը` հաստատելով Իրանի զօրակցութիւնը Լիբանանին, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները:

Ան շեշտեց, որ շրջանին մէջ Լիբանան օրինակելի է այն իմաստով, որ ան մէկ կողմէ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տիպար է, իսկ միւս կողմէ` Դիմադրութեան եւ գոյատեւումի:

Զարիֆ նշեց, որ Լիբանան իր այցելութիւնը երկու հիմնական նպատակներ կը հետապնդէ, որոնցմէ առաջինը Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութիւնն է, իսկ երկրորդը` ամէն իմաստով Լիբանանի կառավարութեան օժանդակելու Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնել:

Պաապտայի Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Զարիֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ բոլոր մարզերուն մէջ օժանդակութեան համար` հիմնուելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւններուն վրայ:

Նախագահ Աուն Զարիֆէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ շնորհաւորել զայն Իրանի յեղափոխութեան 40-ամեակին առիթով:

Զարիֆ իր կարգին նախագահ Աունին փոխանցեց Ռուհանիի ողջոյնները եւ նախագահ Աունը վերստին հրաւիրեց այցելելու Թեհրան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը կարիքը ունի արմատական լուծումի, որ կարելի պիտի ըլլայ անոնց ապահով տունդարձով` դէպի Սուրիոյ կայուն շրջանները: Ան ընդգծեց, որ Իրան պիտի օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

Իր կարգին, Զարիֆ դրուատեց լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնք կը ծառայեն երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերուն` բարձր գնահատելով նախագահ Աունի իմաստութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ կազմել կառավարութիւնը:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Զարիֆը, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ Իրանի համար շատ կարեւոր է Լիբանանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել` աւելցնելով, որ Թեհրանի համար Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ազգային մեծ նուաճում կը նկատուի:

Զարիֆ նշեց, որ Պըրրիին յայտնած է, թէ Իրան պատրաստակամ է ամէն իմաստով  գործակցելու Լիբանանի հետ` երկու երկիրներուն շահերը ապահովելու շրջագիծին մէջ:

Ան ընդգծեց, որ այս յարաբերութիւնները կը ծառայեն երկու ժողովուրդներուն եւ ոչ ոքի վնաս կը հասցնեն:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Հետ

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց Զարիֆը` ներկայութեամբ նախկին նախարարներ Ղաթթաս Խուրիի եւ Պասեմ Սապաայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Զարիֆ շնորհաւորեց Հարիրին` կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ անոր փոխանցեց Իրանի բարեմաղթութիւնները` կառավարութեան բարգաւաճման ծրագիրին իրագործումին առումով:

«Թեհրան պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին` բոլոր այն մարզերուն մէջ, որոնք կը ճշդուին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ», ըսաւ Զարիֆ:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Զարիֆին` հաստատելով, որ կառավարութիւնը իր մշակած աշխատանքային ծրագիրին ընդմէջէն կը միտի բարելաւել լիբանանցիներուն առօրեան, ինչպէս նաեւ ապահովել Լիբանանի գերագոյն շահերը: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ արաբական եւ միջազգային ընտանիքին նկատմամբ իր խոստումներուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու զանոնք Լիբանանէն ապահով ու արժանապատիւ կերպով Սուրիա փոխադրելու միջոցները:

Հանդիպումին աւարտին վարչապետ Հարիրի հարց տուաւ Իրանի մէջ լիբանանցի արգելափակեալ Նիզար Զաքքայի մասին` ընդգծելով, որ Զաքքայի թղթածրարին փակումը դրական նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլայ անոր ընտանիքին ու լիբանանցիներուն նկատմամբ:

Զարիֆ խոստացաւ այս թղթածրարին հետեւիլ: Ան վարչապետարանէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Զարիֆ-Պասիլ Հանդիպում

Պուսթրոս պալատին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց իրանցի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Զարիֆի հետ համաձայն են, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը պէտք է արագացնել` աւելցնելով, որ Լիբանան Ասթանայի մէջ առաջադրուած լուծումներով հետաքրքրուած է` նկատի ունենալով երկրին կայունութիւնն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին ապահովումը:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանան կը քաջալերէ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը, մանաւանդ նկատի ունենալով արդէն իսկ ապահովական կայունութիւն վայելող սուրիական հսկայական տարածքները: «Այս առումով Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կը մերժեն տեղահանուածները պատանդ պահել` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու համար:

Պասիլ հաստատեց, որ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ Լիբանան պիտի բացակայի Վարշաւայի խորհրդաժողովէն` նկատի ունենալով այդ խորհրդաժողովին Իսրայէլի մասնակցութիւնը:

Պասիլ նշեց, որ Զարիֆէն խնդրած է Իրանի զօրակցութիւնը, որպէսզի Լիբանան վերածուի քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան կեդրոնի մը:

Ան նկատել տուաւ, որ Զարիֆի հետ արծարծած է լիբանանցի քաղաքացի Նիզար Զաքքայի հարցը եւ ընդգծած Իրանի հետ տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Զարիֆ շեշտեց, որ Թեհրան մեծ յոյսեր ունի, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը երկրին մէջ բարեկարգումներ պիտի յաջողի գործադրել, եւ ընդգծեց, որ Իրան պատրաստ է ընդառաջելու Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած օժանդակութեան որեւէ պահանջի:

Զարիֆ նշեց, որ Իրան ճիգ չի խնայեր Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու իմաստով` ընդգծելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւններէն առանց պաշտօնական արտօնութիւն ստանալու Սուրիա մուտք գործած օտար ուժերը պէտք է անմիջապէս հեռանան սուրիական հողերէն:

Զարիֆ ընդգծեց, որ Թեհրան կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով վերադարձին, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատէ Վարշաւայի խորհրդաժողովին մասնակցելու իմաստով Լիբանանի ցուցաբերած մերժողական կեցուածքը:

Նիզար Զաքքայի թղթածրարին մասին խօսելով Զարիֆ ըսաւ, որ Իրանի մէջ դատական իշխանութիւնները կատարեալ անկախութեամբ կը գործեն` խոստանալով սակայն ջանքեր ի գործ դնել` լուծելու համար այդ թղթածրարը:

Զարիֆ ընդգծեց, որ չկայ միջազգային օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ Իրանի ու Լիբանանի միջեւ գործակցութիւնը: Թիւ 2231 բանաձեւը բոլոր երկիրներէն կը պահանջէ բնականոնացնել Իրանի հետ իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները:

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Զարիֆը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Զարիֆը: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան միշտ կը զօրակցի Լիբանանի պետութեան, ժողովուրդին ու Դիմադրութեան եւ պատրաստ է ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին:

Իր կարգին, սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին, անոր պատասխանատուներուն եւ ժողովուրդին` Լիբանանի, Պաղեստինի, Դիմադրութեան շարժումներուն եւ Իսրայէլի բռնարարքներուն ու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով շրջանի երկիրներուն անոր տրամադրած օժանդակութիւններուն համար:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ օժանդակութիւնները յաղթանակներ կը կերտեն` մաղթելով, որ Իրան իր ընթացքն ու օժանդակութիւնները շարունակէ` հակառակ անոր դէմ բանեցուած հսկայական ճնշումներուն եւ դաւադրութիւններուն:

Նշենք, որ Զարիֆի կատարած բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան:

«Ֆենիսիա» Պանդոկին Մէջ

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան կողմէ: Իրանի յեղափոխութեան 40-ամեակին նուիրուած այս ընդունելութեան առիթով Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան առաւելագոյն չափով պատրաստ է գործակցելու Լիբանանի հետ եւ օժանդակելու բոլոր մարզերուն:

Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի Դիմադրութիւնն ու անոր արձանագրած յաղթանակները, որոնք շատ նման են Իրանի յեղափոխութեան սկզբունքներուն:

Ընդունելութեան ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Ղասսան Աթալլա, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ շարք մը նախարարներ, որոնց շարքին` զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Մար Մարունի Տօնին Առիթով Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ` Ներկայութեամբ Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Յաջորդը

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Զօրակցի Արդիւնաբերական Տնտեսութեան, Իսկ Նախարար Կիտանեան Դաշնակցութեան Նախարարն Է Եւ Հաշուետու Է Դաշնակցութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?