ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան 12 փետրուարին հիւրընկալուած են Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատիի կողմէ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են վերջերս տեղի ունեցած ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի եւ արտաքին քաղաքական հարցերու վերաբերեալ կուսակցութեան մօտեցումներուն մասին: Նշուած է, որ «զարգանալ` չզիջելով» սկզբունքը Դաշնակցութեան համար եղած է ու կը մնայ Հայաստանի հզօրացման եւ Արցախի հարցի լուծման առանցքը, եւ այս մեկնակէտէն կը բխին կուսակցութեան հիմնական մօտեցումները:
Հանդիպումի ընթացքին հանգամանալի քննարկուած է հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակի, զարգացման կարելիութիւններու եւ հեռանկարներու հետ կապուած հարցերու լայն շրջանակ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ շրջանային եւ ներքաղաքական հարցերու: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է պարբերական շփումներու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
12 փետրուար 2019



