Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «ՀՅԴ-ն Կառավարութեան Ծրագիրին Մասին Հանդէս Պիտի Գայ Ընդգրկուն Յայտարարութեամբ»

Փետրուար 9, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զարմանալի է, որ կառավարութեան ծրագիրին մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն որեւէ անդրադարձ չէ կատարուած, «Այսօր»-ի  հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք համարժէք չէ՞ հայկական կողմի նման դիրքորոշում մը` հաշուի առնելով, որ Թուրքիան այսօրուան դրութեամբ զերօ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին, Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց.

«Ոչ, որովհետեւ, եթէ մենք չենք անդրադառնար, կը նշանակէ` մեզի համար ալ կարեւորութիւն չունի: Այդ պարագային Թուրքիոյ կեցուածքը  արդարացուած կ՛ըլլայ: Այնպէս մը կ՛ըլլայ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր չէ ո՛չ միայն իր, այլեւ Հայաստանի համար:

Ճիշդ է, մենք այս պարագային զիջելու բան չունինք, բայց ճիշդ կ՛ըլլայ, որ միշտ պահանջենք, որ Թուրքիան ոչ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերէ Հայաստանի նկատմամբ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ, շրջափակումը վերացնէ, եւ այս ամէնը` առանց որեւէ նախապայմանի», ընդգծեց դաշնակցական գործիչը:

Կիրօ Մանոյեան չուզեց նիւթին շուրջ այլ մեկնաբանութիւններ կատարել` տեղեկացնելով, որ ՀՅԴ-ն կառավարութեան ծրագիրին մասին հանդէս պիտի գայ աւելի ընդգրկուն յայտարարութեամբ:

 

 

Նախորդը

Սերկէյ Շոյկու. «Հայաստանը Ռուսիոյ Յուսալի Դաշնակիցն Ու Կարեւոր Գործընկերն Է Հարաւային Կովկասին Մէջ»

Յաջորդը

Բենիամին Պչաքճեան. «Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Գլխաւոր Երաշխիքն Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?