Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Կառուցուածքին Մէջ Մշակոյթի Նախարարութեան Անհրաժեշտութիւնը Պարտադիր Է

February 9, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով յանձնախումբը հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց` մշակոյթի նախարարութիւնը կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ միաւորելու հարցին մասին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի մշակոյթի ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները միաւորելու վերաբերեալ զանգուածային լրատուամիջոցներու, ինչպէս նաեւ որոշ պաշտօնական շրջանակներու մօտ տարածուող տեղեկութիւններուն վերաբերեալ: Շրջանցելով հանրային քննարկումները, չներկայացնելով փորձագիտական համակողմանի եզրակացութիւն` նախարարութիւններուն միաւորումը կը հիմնաւորուի կրճատման անհրաժեշտութեամբ:

Մշակոյթի (նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան) ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու միաւորումը կը վկայէ մշակոյթի քաղաքական ընկալման եւ անոր դերակատարութեան թերագնահատման մասին:

Հազարամեակներ շարունակ հայ մշակոյթը`  հայոց լեզուի եւ հայ եկեղեցւոյ հետ, եղած է մեր ինքնութեան հիմնական յենասիւնը, ձեւաւորած ազգային արժեհամակարգ եւ այն ամէնը, ինչով աշխարհը ճանչցած է մեզ: Մշակոյթին մեծ դեր վերապահուած է նաեւ Հայաստանի քաղաքական ներկային եւ հեռանկարին վրայ: Անիկա համակարգաստեղծ բնոյթ ունի, մրցունակ երկրի նախապայման է, կը ձեւաւորէ պետականութիւն գիտակցող քաղաքացի եւ հասարակութիւն, կը լուծէ հասարակական խնդիրներ:

Մշակոյթին բացառիկ դերակատարութիւն վերապահուած է ազգային անվտանգութեան եւ երկրի հասարակական-քաղաքական փոփոխութիւններու ներկայ ծիրին մէջ:

Ի թիւս վերոնշեալ նպատակներուն եւ խնդիրներուն, Հայաստանի  կառավարութեան կառուցուածքին մէջ մշակոյթի նախարարութեան` իբրեւ առանձին պետական լիազօր մարմինի եւ հիմնարկի անհրաժեշտութիւնը պարտադիր է` իրագործելու մշակոյթի ոլորտին մէջ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ պետութեան ստանձնած պարտականութիւնները, բարեփոխելու գործող համակարգը, ապահովելու ոլորտի գործունէութեան օրէնսդրական երաշխիքները, գործադրելու զարգացման ծրագիրներ, իրականացնելու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ զարգացման, գեղարուեստական կրթութեան մատչելիութեան ծրագիրներ, միջազգային մշակութային երկխօսութիւններու մէջ ապահովելու Հայաստանի ներկայութիւնը, հանրահռչակելու հայկական մշակոյթը եւ այլն:

Կը յորդորենք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը` վերատեսութեան ենթարկելու կառավարութեան կառուցուածքի մասին շրջանառուող պատկերացումները:

Համաշխարհային քաղաքակրթական ժառանգութեան մէջ անուրանալի ներդրում, հազարամեակներու մշակութային ժառանգութիւն ունեցող հայերուս համար մշակոյթի լուսանցքայնացումը յղի է անդառնալի հետեւանքներով:

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

8 փետրուար 2019

 

Նախորդը

Բենիամին Պչաքճեան. «Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Գլխաւոր Երաշխիքն Է»

Յաջորդը

քոնկրեսը թրամփին մէկ շաբթուան պայմանաժամ կը ճշդէ` խաշոկճիի հարցով պատասխաններ տալու

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.