Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին գումարեց իր լիագումար նիստերը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Առաւօտեան նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք նախկին երեսփոխաններ Էտկար Մաալուֆի եւ Ռոպեր Ղանեմի մահուան յիշատակը:
Ապա կարդացուեցան նախկին կառավարութեան հրաժարականին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակման ու կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրները, որմէ ետք վարչապետ Հարիրի ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:
Մուտքէ մը եւ 16 կէտերէ բաղկացած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ներկայացնելէ ետք, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ բոլորը կը գտնուին նոյն նաւուն վրայ` աւելցնելով, որ նաւուն սպառնացող ճեղքերը բոլորին համար յստակ են, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց բոլորին պատասխանատուութիւնները իրարու չվերագրելու եւ աշխատելու արդէն իսկ ճշդուած լուծումները գործադրելու համար:
Հարիրի հաստատեց, որ իր կառավարութիւնը յանձնառու պիտի մնայ իր մշակած տնտեսական ծրագիրին արագ գործադրութեան:
Նիստերուն ընթացքին խորհրդարանը սկսաւ քննարկել կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը, որուն հիման վրայ ան պիտի ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
Երէկուան զոյգ նիստերուն խօսք առին 15 երեսփոխաններ:
Առաջին խօսքը առաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ կառավարութեան շնորհեց իր քուէն` մաղթելով, որ նախարարները իրենց վստահուած պատասխանատուութեան յանձնառու դառնան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց կառավարութեան դրամատուներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու: Ան շեշտեց, որ իրենք բուռն պայքար պիտի մղեն փտածութեան դէմ` հաստատելով, որ 11 միլիառ տոլարի թղթածրարը պիտի չմոռնան: Այս առումով ան պահանջեց, որ խորհրդարանի նախագահին խողովակով ելեւմուտքի նախարարէն պահանջուի այդ թղթածրարի պատասխանատուներուն բացայայտումը:
Անկախութիւն շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժող ըլլալ շրջանային ճակատամարտերու մէջ, ուր ինք ոչ մէկ առնչութիւն ունի: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի խօսքով եւ գործով շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը կիրարկելու:
Մուաուատի կողմէ Հըզպալլայի կատարուած ակնարկութիւններուն պատասխանեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար, որ հաստատեց, թէ ոմանք ընդունին թէ ոչ` Հըզպալլա լիբանանցի ժողովուրդը բաղկացնող շերտերէն է:
Իսկ Մուաուատի կողմէ կատարուած այն ակնարկութեան, թէ խորհրդարանը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ պէտք է յարգէ ինքզինք հրկիզած լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Զրէյքի յիշատակը, խորհրդարանի նախագահը պատասխանեց, որ պէտք է մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ լիբանանեան պետութեան յիշատակը յարգել:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ իր արտասանած խօսքին մէջ անհրաժեշտ նկատեց իրենց անձերուն նկատմամբ վստահութեան վերականգնումը` ընդգծելով, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան ամրապնդումը` կեցուածքի եւ որոշումի իմաստով:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` հաստատելով, որ այդ քուէով առիթ կու տայ նախարարաց խորհուրդին` տիրող կացութիւնը սրբագրելու:
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի վեց ամսուան համար վստահութեան քուէ շնորհեց կառավարութեան` ընդգծելով, որ իրենք կազմ ու պատրաստ պիտի հետեւին անոր աշխատանքին եւ հաշուետուութեան պիտի կանչեն զայն:
Երեսփոխան Սամիր Ժսըր Մուսթաքպալ պլոքին անունով կառավարութեան շնորհեց վստահութեան քուէն եւ կոչ ուղղեց նախարարաց խորհուրդին զօրակցելու հաւասարակշռուած բարգաւաճման` վարչական աշխատանքի ապակեդրոնացեալ դրութեան ընդմէջէն:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտին իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` շեշտելով, որ պէտք է գործադրել աշխատանքային ծրագիրը:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին Պըրրի յայտարարեց առաւօտեան նիստին աւարտը` նշելով, որ խորհրդարանի լիագումարը պիտի շարունակուի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Գիշերային նիստը սկսաւ ճշդուած ժամուն: Առաջին խօսք առնողը եղաւ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, որ վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` ընդգծելով, որ փտածութիւնը տեղական արտադրութիւն է, իսկ ընտրական օրէնքը` Լիբանանը քանդելու գործիք:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ ինք կատարեալ վստահութեամբ, համոզումով եւ հանգիստ խղճով կը մերժէ կառավարութեան շնորհել իր վստահութեան քուէն:
Նշենք, որ Ժամիլ Սէյիտի արտասանած խօսքին պահուն վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի նիստը լքեցին:
Միւս կողմէ, Սէյիտի ակնարկութիւնը, թէ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ նշած է, թէ պետական գանձարկղին մէջ 600 միլիառ լ. ոսկի գոյութիւն ունի, պատճառ դարձաւ, որ բանավէճ մը արձանագրուի Սէյիտի եւ Խալիլի միջեւ:
Այս բանավէճին միջամտեց խորհրդարանի նախագահը` ելեւմուտքի նախարարէն խնդրելով արձանագրել Սէյիտի դիտողութիւնը եւ ապա լուսաբանել այդ մասին:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Տահեր իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` զայն զգուշացնելով յաւելեալ տուրքեր պարտադրելէ, «որովհետեւ ժողովուրդին վրայ յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը կրնայ յանգիլ յեղափոխութեան», ըսաւ ան:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ իր վստահութեան քուէն շնորհեց նախարարաց խորհուրդին` նշելով, որ կառավարութիւնը արագօրէն պէտք է գործէ եւ նուաճումներ արձանագրէ, այլապէս` ան պէտք է հրաժարի:
Անկախ կեդրոնի պլոքի երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս կառավարութեան շնորհեց իր վստահութեան քուէն` զգուշացնելով, որ երկիրը կը գտնուի անդունդի եզրին:
Ան շեշտեց, որ պէտք է անպայման լիբանանեան խախուտ կառոյցին հիմերը բացայայտել:
Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել այն կառավարութեան, որ լիբանանցիներուն կեանքը խանգարած է եւ խորհրդարանին մանրակերտն է:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ալի Տարուիշ կոչ ուղղեց ամբողջութեամբ դարմանելու Թրիփոլիի վէրքը եւ հատուցելու բոլոր անոնց, որոնք տուժած են:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ժամը 9:00-ին յայտարարեց գիշերային նիստին աւարտը` կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի յաջորդ նիստին ժամը ճշդելով այսօր` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ը:



