Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերկէյ Շոյկու. «Հայաստանը Ռուսիոյ Յուսալի Դաշնակիցն Ու Կարեւոր Գործընկերն Է Հարաւային Կովկասին Մէջ»

February 9, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը շարունակուի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի աշխատանքային այցելութիւնը Ռուսիա: 8 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ  պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ յուսալի դաշնակիցն ու կարեւոր գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է  Դաւիթ Տօնոյեանին` Սուրիոյ մարդասիրական աջակցութեան համար, նշելով, որ Հայաստանը առաջին արձագանգողը եղած է արաբական պետութեան խաղաղ քաղաքացիներուն աջակցելու Ռուսիոյ կոչին:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին` Սուրիոյ տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան հարցով  համագործակցութեան համար: Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ Ռուսիոյ  գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ կը նպաստեն յետպատերազմեան վերականգնման, եւ կարեւոր նկատած Հայաստանի մասնակցութիւնը մարդասիրական գործողութեան:

«Կարեւոր է մեր աջակցութիւնը սուրիացի ժողովուրդին, որուն մէկ մասն է հայկական սփիւռքը», ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան:

Հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան հարցեր` այդ կարգին` Հայաստանի զինուած ուժերու կանխարգելիչ գերակայութիւնը  ապահովող նորագոյն եւ ճշգրիտ զինատեսակներով համալրելու հետ կապուած հարցեր: Քննարկուած են նաեւ մարտական պատրաստութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած միացեալ ծրագիրները: Ընդգծելով, որ հայ-ռուսական երկկողմանի զինուորական համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, կողմերը համոզում յայտնած են, որ ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին զարգանալ:

 

 

Նախորդը

Հայ Մասնագէտներու 83 Հոգինոց Խումբը Մեկնած Է Սուրիա

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «ՀՅԴ-ն Կառավարութեան Ծրագիրին Մասին Հանդէս Պիտի Գայ Ընդգրկուն Յայտարարութեամբ»

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.