Նահատակ Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանք
Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները: Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ սոյն մրցանքը կը կազմակերպուի ամէն տարի, Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը վառ պահելու...



















